Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը (Քոքասըս Հերիթէյճ Ուաչ) կ՛ահազանգէ Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջՎանքասար կոչուող բլուրի գագաթներէն բարձրագոյնին վրայ գտնուող 7-րդ դարու Վանքասար հայկական եկեղեցւոյ դէմ հաւանական վտանգի մասին: Այս մասին կազմակերպութիւնը տեղեկացուցած է իր թուիթըրեան էջին վրայ: Կը նշուի, որ արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող ծանր սպառազինութիւն եւ եկեղեցւոյ մօտ
ճամբեզրին տեղակայուած շինութեան:
Կազմակերպութիւնը դիմած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն` պահանջելով բացատրել, թէ ի՞նչ նպատակով սպառազինութիւնը եւ շինութիւնը կը գտնուին եկեղեցւոյ մօտ:
