ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Ապրիլի 24-ին, ԱՄՆ նախագահ Ճօզէֆ Պայտըն յայտարարեց. «Ամերիկացի ժողովուրդը կը յարգէ բոլոր այն հայերուն, որոնք զոհուած են ցեղասպանութեան ժամանակ»:
Երբ Նախ. Պայտըն ընդունեց 1915-1923ի Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, միջազգային մամուլի կողմէ լրատւութիւններու մրրիկ մը սկսաւ:
Անկասկած, աշխարհիկ շուրջ ան ողջունելի լուր եղաւ միլիոնաւոր հայերու համար:
Այդ՝ բարոյական խթան եղաւ հարիւր հազարաւոր հետնորդներու համար, որոնք քալեցին աշխարհի փողոցներու մէջ եւ մայրուղիներու վրայ, քանի որ անոնք անգամ մը եւս կ՛ապրէին իրենց նախնիներու յիշատակը, որոնք ոչ այլ պատճառով քան եղած էին հափշտակուած հողերու բնիկ տէրերը Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ: Եւ միչեւ օրս այդ հողերը կը շարունակուին ապօրինաբար բռնազաւթուած մնալ Թուրքիոյ կողմէ:
Բազմաթիւ ակտիվիստներու համար ԱՄՆի գործադիր իշխանութեան կողմէ ցեղասպանութեան ընդունումը, արդարութեան հետապնդման նոր փուլի մը սկիզբն է, ինը տարի (1915-1923) տեւած, Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան որու հետեւանքով զոհուեցան 1.5 միլիոն հայեր, Թուրքիոյ կողմէ անօրինական բռնազաւթումը գործադրուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ հայկական Կիլիկիոյ հողերու եւ Թուրքիոյ կողմէ ապօրինի զանգուածային բռնագրաւումը կատարուեցաւ հայերու անշարժ եւ անձնական ունեցուածքի, այսօր այսպէս կոչուած՝ Թուրքիոյ ողջ տարածքին:
Շատերը նշեցին, որ մինչ ԱՄՆ նախագահի յայտարարութեան մեջ կը նշուէր «օսմանեան իշխանութիւնները», Թուրքիան դուրս թողուած էր:
Բազմաթիւ հայեր հարց կու տային թէ Պայտընի ցեղասպանութեան ճանաչումը, Արդարադատութեան տեսանկիւնէ իրենց ի՞նչ բերաւ: Հայերը վերատիրացա՞ն պապենական հողերու: Արդէօ՞ք անոնց նահատակուած նախնիներու անշարժ եւ անձնական ունեցուածքը, որոնք ապօրինի կերպով առգրաւուած են Թուրքիոյ կողմէ, վերադարձուեցան իրենց իրաւատէրերուն՝ զոհերու ժառանգներուն: Ի՞նչ կ՛ըսէք մէկ ու կէս միլիոն զոհերու արեան փողի մասին:
… Ապա ու՞ր մնաց իսկական արդարութիւնը:
Այժմ, երբ ԱՄՆի գործադիր իշխանութիւնը վերջապէս միացաւ իր օրէնսդիր գործընկերոջը`ԱՄՆի Ծորակոյտին եւ ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու Տան
ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու խնդրին մէջ, ամերիկահայերը պէտք է կեդրրոնանան Հայաստանի եւ Սփիւռքի համար համապարփակ արդարութեան իրականացման վրայ:
2020-ին Արցախի մէջ հայերու դէմ գործադրուած 44-օրեայ ցեղասպանական արշաւի ֆոնին, հայերը պէտք չէ իրենց ապահով զգան ապագայ թրքական ոճրագործութիւններու դէմ այն միամիտ պատճառով, որ ԱՄՆի նախագահ Պայտընը համարձակօրէն եւ բացայայտօրէն խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան եւ մարդկութեան դէմ ապագայ հանցագործութիւններ կանխելու անհրաժեշտութեան մասին: Թուրքիան կրնայ ապագային օգտագործել համաշխարհային ճգնաժամերը որպէս ծածկոյթ` իր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը հայերու, ասորիներու, յոյներու, քրտերու, եզիտիներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրելու համար:
2020ի թագաժահրի համաշխարհային համաճարակի եւ նախագահական ընտրութիւններով ԱՄՆի զբաղուածութեան ժամանակ Թուրքիան կազմակերպեց եւ գործադրեց հայերու դէմ ցեղասպանական նոր արշաւ մը իսլամական ահաբեկչական վարձկաններու եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ միասին:
1915-ին Թուրքիան օգտագործեց Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը՝ որպէս ծածկոյթ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ իննամեայ ցեղասպանութիւնը իրականացնելու համար:
1915-1923ին Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան զոհերը պէտք է զգոն ըլլան եւ պատրաստ ըլլան ինքնապաշտպանուելու բոլոր ժամանակներու մէջ, քանի դեռ Թուրքիան կը մնայ արիւնարբու տարր մը եւ որ կը շարունակէ խոչընդոտել մարդկութեան դէմ գործադրած իր հանցագործութիւններու զոհերու արդարութեան դէմ:
Հայերը պէտք չէ նստին ու սպասեն: Ժամանակն է, որ հայերը մտածեն եւ համարձակօրէն գործեն համաշխարհային բեմի վրայ՝
- օգնելու արդարամիտ ամերիկացիներուն եւ եւրոպացիներուն ապահովելու համար Թուրքիոյ արտաքսումը ՆԱՏՕ-էն;
- համագործակցելու Անկարայի դէմ հասարակաց խնդիրներ ունեցող այլ ժողովուրդներու հետ, ինչպիսիք են յոյները, ասորիները, քիւրտերը ու սուրիացիները, որպէսզի իրականացնեն Թուրքիոյ կազմալուծումը՝ Արեւմտեան Հայաստանի, յունական Պոնտոսի, յունական Սմիւռնիայի, յունական Կոստանդնուպոլսոյ, ասորական Մերտինի, Հիւսիսային Քիւրտիստանի, հայկական Կիլիկիոյ, սուրիական Ալեքսանդրեթայի («Հաթայ») մէջ ապօրինի գրաւուած նախնիներու հողերը վերականգնելու համար:
- գործադրելու Թուրքիոյ տնտեսութեան ամբողջական փլուզումը եւ իր բանակի կազմալուծումը ամիրիկեան հարկատուներու կողմէ ֆինանսաւորուած ԱՄՆի ռազմական օգնութիւնը դադարեցման միջոցով:
Այս նկրտումներն անիրատեսակա՞ն կը թուին:
1980-ականներուն ո՞վ կրնար կանխատեսել Խորհրդային Միութեան փլուզումը:
1800-ականներուն ո՞վ կրնար կանխատեսել Թուրքիոյ Օսմանեան կայսրութեան անկումը:
Հիմա՝ 2021-ին, կրնա՞նք պատկերացնել Թուրքիոյ փոքրացումը 2030ական, 2040-ական, 2050-ական թուականներուն: Թուրքիոյ «Պալքանացումը» հեռակա՞ն է, թէ՞ իրական հնարաւորութիւն մըն է: Ժամանակը ցոյց կուտայ:
Բայց նախքան Թուրքիոյ փոքրացումին պատկերացնումը կատարելը «Պալքանացման» միջոցով, աշխարհի հայերը պէտք է կատարեն իրենց տնային պարտականութիւնները եւ իրենց հաւաքական պատրաստուածութիւնը հասցնեն բարձր մակարդակի ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, այլեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Անոնք ունին՝ «խոստումներ պահպանելու» եւ «մղոններ անցնելու» քնելէ առաջ: Աշխատասիրութիւնը կենսական է եւ՝ կենսատու: