ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պետական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ, 28 Ապրիլին ատրպէյճանական Ալիբէյլի բնակավայրին կողմէ խախտելով շփման գիծը, քաղաքացիի հագուստով 8-10 անձեր անցան միջդիրքային տարածքը, իրենց հետ բերելով 30-40 մեթր երկարութեամբ խողովակներ, հաւանաբարնշուած տարածքէն մօտակայ ատրպէյճանական յենակէտ ջուր հասցնելու նպատակով: Նկատելով Հայաստանի զինուած ուժերու յառաջապահ դիրքերու զինուորները, անոնք շուտով հեռացան դէպի Ալիբէյլի բնակավայրը խողովակները ձգելով միջդիրքային տարածքին մէջ: Հայաստանի զինուած ուժերու ծառայողները ցուցաբերեցին զսպուածութիւն եւ չենթարկուեցան սադրանքներու: Հակառակորդին աշխատանքները դադարեցուեցան:
Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը՝ դիտել տալով, որ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ) ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, սահմանապահ զօրքերու պատասխանատուութեան տակ գտնուող Գորիս-Կապան միջպետական մայրուղիի Որոտան-Դաւիթ Բէկ հատուածին մէջ, սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուած:
Վարչութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն նաեւ յայտնեցին, որ Հայաստանի զինուած ուժերու եւ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակին՝ սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով եւ կը կատարեն առաջադրուած խնդիրները:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *