«Թուիթըրեան մենամարտ» տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլանի եւ թուրք ազգայնամոլ գործիչ, երեսփոխան, «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման քաղաքական կառոյցիԱզգայնական շարժում կուսակցութեան նախկին, իսկ այժմ ազգայնամոլական մէկ այլ կուսակցութեան «Լաւ» կուսակցութեան երեսփոխան Ումիթ Էօզտաղի միջեւ:

Փայլան 24 ապրիլին գրած էր. «106 տարի ետք ալ Ցեղասպանութեան ճարտարապետ Թալէաթ փաշայի անուան պողոտաներէն կը քալենք, մեր երեխաները Թալէաթ փաշայի անունով դպրոցներ կը յաճախեն: Եթէ Գերմանիոյ մէջ ալ այսօր Հիթլերի անուան պողոտաներ ըլլային, Հիթլերի անունով դպրոցներուն մէջ երեխաներ սորվէին, մենք պիտի ապրէինք այնպիսի Գերմանիոյ մէջ, ինչպիսին այսօր Թուրքիան է»:

Ատոր ի պատասխանԷօզտաղ Փայլանը կոչած էր «անդաստիարակ, սադրիչ մարդ»: «Եթէ գոհ չես, կորսուիր գրողի ծոցը: Թալէաթ փաշան ոչ թէ հայերը, այլ կռնակէն խփողները վտարած է: Պիտի գայ ժամանակը, որ դուն ալ Թալէաթ փաշայի փորձը պիտի զգաս ու պէտք է զգաս», գրած էր ան, որմէ ետք արժանացած էր նոյնիսկ իր համաքաղաքացիներու քննադատութեան: Փայլան այդ գրառումին պատասխանած է հետեւեալ ձեւով. «Իմ ժողովուրդս ոչնչացնող տեսա-կէտի մնացորդը կ՛ըսէ «դարձեալ պիտի ընենք»: Դուք խփած էք, մենք չե՞նք մահացած: Մահացած ենք: Սակայն մնացածները չեն հրաժարած արդարա-դատութեան պայքարէն: Ինձմէ ետք ալ պիտի չհրաժարին: Այս երկրի` խիղճ ունեցող մեծամասնութիւնը քեզի նման ֆաշականը չեն արտօնած հրապարակը եւ դարձեալ պիտի չձգեն»:

Ատկէ ետք Էօզտաղ Փայլանը կոչած է «(Թուրքիոյ մէջ) դաշնակցականի մնացորդ, ԱՍԱԼԱ-ի շարունակութիւն եւ ՔԱԿ-ի կողմ-նակից, որոնք հարիւր հազարներով թուրքեր կոտորած են»: «Քու արեանդ մէջ դաշնակցական ԱՍԱԼԱ ՔԱԿ-ի ժահր կը շրջի, դուն թուրք ազգի թշնամին ես», Փայլանի հետ «մենամարտը» եզրափակած է Էօզտաղ, ապա անդրադարձած է շարք մը թուրք եւ օտարազգի գործիչներու իրեն ուղղուած քննադատական գրառումներուն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *