ԳՐԵՑ՝ ԱՀԱՐՈՆ ՇԸԽԸՐՏՄԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ տիար Արմէն Սարգսեան նամակներ յղած է Սփիւռքի կարգ մը հայկական կազմակերպու-թիւններու ղեկավարներուն՝ երախտագիտու-թիւն յայտնելով, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործում ներդրած աւանդի համար:
Կասկածէ վեր է Հայոց Ցեղասպանութեան միջ-ազգային ճանաչման ճիգերուն մէջ մեծարգոյ նախա-գահին յիշատակած կազմակերպութիւններուն ներդրումն ու աւանդը՝ անցեալին, այսր եւ ապագային:
Յարգանք՝ բոլորին:
Սակայն Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին երախտագիտական նամակներուն ցանկը կը մնայ թերի, ո՚չ ամբողջական… պարզ այն պատճառով, որ միայն նախագահին հասցէագրած կառոյցները եւ կազմակերպութիւնները չեն, որ օրն ի բուն կ՚աշխատին ի խնդիր՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ե՚ւ հատուցումներուն , այլ՝ սփիւռքի բոլոր կառոյցները, համայնքները, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները, անխտի՚ր:
Նախագահը իրաւունք չունէր նման հասցէատէրեր անուանելու, այլ պարտէր ոչ մէկ կազմակերպութեան անուն տալ, գոհանար իր խօսքը ուղղելով բոլո՚ր կազմակերպութիւններուն ընդհանրական տարազով:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցումներու ճանապարհը փշոտ է եւ երկար: Անիկա կը պահանջէ հաւաքական եւ միասնական աշխատանք: Սփիւռքի բոլոր կառյցները այդ գիտակցութեամբ եւ համոզումով կը շարունակեն նահատակներուն ուխտած իրենց առաքելութիւնը: Այ՚ս համոզումով կը գործենՍփիւռքի բոլոր կառոյցները, ինչպէս նաեւերկրագունդի տարբեր ափերուն վրայ ապրող եւ շնչող հայութեան բեկորները:
Ի՞նչ կը մշակէ կամ կը ծրագրէ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորական նամակներուն ետին, երբ Հայրենքը, Արցախը, Սփիւռքը եւ համայն հայ ժողովուրդը միացնող գործօններու, քայլերու ծառաւը կ՚ապրի յատկապէ՚ս այս օրերուն,
Երկրի նախագահը ժողովուրդի հայր կոչուած է ըլլալ: Հայր մը խտրութիւն չի՚ կրնար դնել իր զաւակներուն միջեւ: Հայ ժողովուրդը, մանաւանդ սփիւռքը անցեալին շատ սուղ վճարած է տեղի-անտեղի խտրութիւններուն գինը…: Վճռած ենք չ՚իյնալ անցեալի դառն եւ ցաւալի փորձութիւններուն մէջ:
Բոլորս կը հետապնդենք մէկ նպատակ պարոն նախագահ՝ հայրենաշինութիւն, Հայոց ցեղապանութեան ճանաչում, հատուցում եւ հայապահպանութիւն: Ա՚յս Բոլորը հաւաքական եւ միասնական աշխատանքով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *