ԳՐԵՑ՝ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Որդին Փայլակ եւ Մարի Ահարոնեան ամոլին, ծնած է 21 Յունիս1952 թուականին Լիբանանի Թրիփոլի Քաղաքին մէջ, ուր նաեւ ստացած է Նախակրթարանի ուսումը տեղւոյն Խրիմեան ազգային վարժարանին մէջ: 1969ին ընտանեօք կը հաստատուին Պէյրութ, ուր կը յաճախէ եւ կ՚աւարտէ Յովակիմեան Մանուկեան վարժարանը ու ապա կը յաճախէ Ամերիկեան համալ-սարան հետեւելով երկրաչափական ճիւղին: Լիբանանի քաղացիական պատերազմը պատճառ կը դառնայ որ Արան 1976 թուականին փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ:
Պէյրութ գտնուած տարիներուն եղած է ժրաջան անդամ Հ.Բ.Ը.Մ. եւ Հ.Ե.Ը.-ի: Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ ՌԱԿ-ի Փորթուքալեան ակումբին ազգանուէր աշ-խատանքներուն:
Օրէնքը սիրող եւ անոր սահմանին մէջ մնացող անձն մըն էր, որքան գաղափարական ու կուսակցական կեանքէն ներս նոյնքա՜ն՝ իր անհատական, ազգային, ընկերային եւ հասարակական գործունէութեանց մէջ: Օրինաչափութիւնը եղաւ իր ներշնչարանը կուսակցական եւ ազգային բեմերուն վրայ: Բառին ամբողջական իմաստով ժողովական անձնաւորութիւն մըն էր, օժտուած հայու բնածին ձիրքերով որ գիտեր դրական լուծումներ որոնել եւ գտնել իւրաքանչիւր հարցի նկատմամբ:
Անկասկած որ կը սիրեր վիճիլ- բայց այդ վիճաբանութիւնը չունէր որեւէ յետին միտք՝ ձախողցնելու արդար սկզբունք մը եւ կամ յաջողցնելու անարդար տեսակէտ մը, ինչ որ յատուկ է բոլոր այն անձերուն որոնք կը սիրեն պարտադրել իրենց տեսակէտը, նամանաւանդ կուսկացական գաղափարակից ժողովականներու հետ:
Ազգասիրութեամբ մեծցած իր բնա-ւորութիւնը – վերջապէս պտուղը ծառէն հեռու չ՚իյնար – զինք յաճախ կը մղէր դէմ կենալու նոյնիսկ իր գաղափարակիցներուն պաշտպա-նած թէզին, նամանաւանդ ազգային ժողով-ներու մէջ միջ-կուսակցական միացեալ նիս-տերու ընթացքին: Ազգին եւ ազգային շահերը պաշտպանելու անշեղ հաւատքով՝ մնաց պատնէշի վրայ:
Արա Ահարոնեան համոզուած ռամկավար ազատական մըն էր բարին ամբողջական իմաստով եւ մնաց այդպիսին մինչեւ իր կեանքին վերջը ապրելով Ռանկավար Ազատական Կուսակցութեան վեհ սկզ-բուքներով, որոնք անսակարկ մղիչ ոյժը հանդիսացան իր ազգայի գործունէութեան:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Ոսկան Մխիթարեան