1 – Երկիրի մը մէջ ծնիլ, ուրիշ երկիր մը ապրիլ, տարբեր Երկիրի մը մէջ մեռնիլ եւ չորրորդ տեղ մը թաղուիլ։
2 – Բազմաթիւ լեզուներ խօսիլ, սակայն որեւէ մէկը կատարեալ չգիտնալ, մանաւանդ Հայերէնը։
3 – Անաստուած ըլլալու իսկ պարագային, եկեղեցի յաճախել, կրօ-նական արարողութիւն-ներու հետեւիլբան մը չհասկնալով։ 4 – Եկեղեցիի մը թաղական ըլլալ առանց անոր օրէնքները գիտնալու։
5 – Խոնարհ ըլլալ օտարներու հանդէպ եւ գոռոզ՝ իր ազգակիցներու
նկատմամբ։
6 — Ապրիլ օտար երկիրի մէջ Հայրենիքի կարօտով եւ Հայրենիքի մէջ՝ օտար երկիրներ երազելով։
7 — Ողբալ հայերէն լեզուի նահանջին վրայ, բայց տան մէջ օտար լեզու գործածել։
8 —Ընկերային դիրքը բարձրանալուն զուգահեռ հայութիւնը մոռնալ, զայն յիշել միայն, երբ ծերութեան դուռը հասնի։
9 — Ունենալ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն երկու ուղղագրութիւն, բայց մէկն ալ լաւ չգիտնալ։
10 — Հայերէն աղօթել, օտար լեզուով խօսիլ, թուրքերէն երգել, պարել եւ հայհոյել։
Այս անստորագիր ասացուածքները քաղած եմ տարիներու ընթացքին։ Ուզեցի զանոնք թերթին յանձնել՝ նկատելով անոնց այժմէականութիւնը, միշտ յարգելով բացառութիւնները (անշուշտ` եթէ կան);
Վայ ինձ, վայ ինձ, վայ ինձ։
Ատրինէ Գաբրիէլեան

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *