Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիտ պատասխանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն ՍարգսեանիԱզրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուտափոյթ վերադարձին վերաբերող նամակին: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ ուշադրութեամբ ուսումնասիրած է նախագահ Սարգսեանի նշած խնդիրները, զանոնք ներկայացուցած է ԵԱՀԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն: «Ես կը շարունակեմ հետեւիլ իրավիճակին եւ այս ու յարակից հարցերուն վերաբերեալ կապի մէջ եմ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ: Տեղեակ եմ, որ այս խնդիրները քննարկած էք նաեւ գործող նախագահ Անն Լինտէի հետ, մարտին Երեւան կատարած անոր այցելութեան ընթացքին: «Մինսքի խմբակի համանախագահները 13 ապրիլ 2021-ին հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձան նաեւ ձեր նամակին մէջ նշուած հարցերուն: Համանախագահները ընդգծեցին, որ յաւելեալ ջանքերու կարիք կայ
տակաւին գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւնները փարատելու եւ երկարատեւ խաղաղութեան նպաստող փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու համար:
«Այդ պարունակին մէջ համանա-խագահները մատնանշեցին բոլոր ռազմագերիներու եւ կալանաւորուած այլ անձերու վերադարձին առնչուած խնդիրներըհամաձայն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթներուն: Անոնք, ինչպէս նաեւ ես ու ԵԱՀԿ-ի միւս պաշտօնեաները, պիտի շարունակենք հետեւիլ եւ բարձրացնել այս հարցը: ԵԱՀԿ-ի հաստատութիւններն ու կառոյցները ԵԱՀԿ-ի բոլոր երեք հարթութիւններուն վրայ ծրագրուած աշխատանքներու միջոցով արդէն իսկ սերտօրէն կը համագործակցին Հայաստանի հետ: «Յոյս ունիմ
իբրեւ ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղար, իմ պաշտօնավարութեանս ընթացքին զարգացնել եւ աւելի ընդլայ-նել այս համագործակցութիւնը», կը նշուի Հելկա Մարիա Շմիտի նամակին մէջ:
