Երկուշաբթի, 17 մայիսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ պաշտ-պանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկուի հետ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարըՀայաստանի իր պաշտօնակիցէն Հայաստանի սահմանային իրադարձութեան մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, հաստատեց, որ Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս հարցին, եւ որ պաշտօնական Մոսկուան անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ ստեղծուած իրադրութեան խաղաղ հանգուցալուծման համար:

Վաղարշակ Յարութիւնեան անթոյլատրելի նկատած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն հանդէպ ոտնձգութիւնները` շեշտելով, որ իրադրութեան հետագայ զարգացումները կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *