ՊԱՏՈՒԱՍՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԲԺԻՇԿԻ ՄԸ ՏԵՍԱԿԷՏԸ


Տոքթ. Էլոյիզա Կոնզալեզ, Լոս Անճելըս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունք


Հ.- Կրնա՞մ առաջին դեղաչափը «Ֆայզըր» պատուաստը ունենալ, իսկ երկրորդ դեղաչափը՝ «Մոտերնա» պատուաստը կամ հակառա՞կը:

Պ.- Ոչ: Պատուաստի երկու դեղաչափերը նոյն տեսակի պէտք է ստանաք: Պատուաստի արդիւնաւէտութիւնը կը տուժէ, երբ պատուաստի երկու դեղաձափերը նոյնը չեն:


Հ.- Ե՞րբ կը սկսին պատուաստները զիս պաշտպանել:

Պ.- Կատարեալ պատուաստուած կ՛ըլլաք «Ֆայզըր»ի կամ  «Մոտերնա»ի ձեր երկրորդ դեղաչափը ստանալէն 2 շաբաթ ետք կամ «Ժանսըն եւ Ժանսըն» պատուաստի մէկ դեղաչափէն 2 շաբաթ ետք:

 Այդ ժամանակամիջոցին, պէտք է կանխազգուշութիւններ առնէք այնպէս՝ կարծէք թէ որեւէ պատուաստի դեղաչափ չէք առած:


Հ.- Ես ստացայ իմ առաջին դեղաչափը, սակայն 2րդը ուշացայ առնելու. ուրեմն պէտք է առաջինը դարձեա՞լ ստանամ:

Պ.- «Ֆայզըր» պատուաստի պարագային, պէտք է ձեր երկրորդ դեղաչափը առաջինէն 21 օր ետք ստանաք, իսկ «Մոտերնա» պատուաստի պարագային՝ 28 օր ետք: Երբ ձեր երկրորդ դեղաչափը նշեալ ժամանակամիջոցին չէք ստացացած, ստացէք զայն կարելի եղածին չափ շուտ: Կատարեալ պատուաստուած չէք ըլլար, եթէ երկրորդ դեղաչափը չէք ստացած:


Հ.- Կրնա՞մ այցելել ընտանիքիս, ներառեալ՝ տարեց ազգականներուս, երբ պատուաստուած եմ:

Պ.- Նայած. կատարեալ պատուաստուած անձեր կրնան փակ միջավայրի մը մէջ հանդիպիլ կատարեալ պատուաստուած այլ անձերու հետ՝ առանց ընկերային հեռաւորութիւն պահպանելու կամ առանց դիմակի:

 Կատարեալ պատուաստուած անձերը կրնան նաեւ հանդիպիլ ընտանիքի անդամներու հետ, որոնք չեն պատուաստուած, մինչեւ այն ատեն որ անոնք «Քովիտ-19»ի հիւանդութեան վտանգին տակ չեն գտնուիր:


Հ.- Ո՞վ պատուաստուելու իրաւունքը ունի:

Պ.- Բոլոր անոնք, որոնք 12 տարեկանէն վեր են եւ կ՛ապրին կամ կ՛աշխատին Լոս Անճելըս Գաւառին մէջ կրնան ստանալ «Քովիտ-19»ի իրենց պատուաստը: 18 տարեկանէն վար անձեր կրնան միայն «Ֆայզըր» պատուաստը ստանալ՝ «Էֆ.Տի.Էյ.»ի ցուցմունքին համաձայն:


Պատուաստուելու ժամադրութիւն առնելու համար այցելեցէք
www.VaccinateLACounty.com կայքը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *