Գրեց՝ Սարգիս Պասմաճեան

Հարգելի վարչապէտ պարոն Նիկոլ Փաշինեան,

ես քաղաքագէտ մը չեմ, բայց ինչ որ կը տեսնիմ այս դժուար օրերուն, թէ ինչպէս ներքին սրիկայ դաւաճանները առանց ամչնալու ամէն ինչ կը փորձեն՝ սուտերով ինքզինքնին արդարացնելով եւ ժողովուրդին դրամով խաբելով, բայց չեն հասնիր իրենց ուզածին: Ասոնք ծախեցին Հայաստանի ամբողջվ կալուածները Պուտի-նին, ռուսներուն, ազերիներուն, թուրքերուն, մասամբ լքեցին Հայաստանը, փախան դէպի Ռուսաստան, Եւրոպա, Ամերիկա: Իսկ լեւոնիկը, ռոբերտը, սերժիկը, գարեգին բ եւ դաւաճան գեներալները եւ իրենց բոլոր կողմակիցները իրենց արմատներով, միասին պէտք է խիստ պատժուին:

Պարոն Փաշինեան, հազար ողորմի Շարլ Ազնավուրին, երբ թղթակիցները հարց տուին, թէ ինչ պիտի ըլլայ Հայաստանի վիճակը, Շարլը ըսաւ. «Այս դաւաճան ղեկավարները բոլորը պէտք է գնդակահարուին»: Խօսքը հին ղեկավարներու Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Գարեգին Բ-ի եւ իրենց շղթայուած բոլոր կողմնակիցներու մասին է:

Պարոն Փաշինեան, եղիր խիստ, դիկտատորի նման դաւաճաններու հանդէպ, մաքրէ այդ բոլորին, մի սպասէ, նոյնիսկ ընտրութիւններէն առաջ գործէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի 44 օրուայ պատերազմին, ապա Պուտինը կարող էր առաջին օրէն կեցցներ կռիւը, բայց չ՛ըրաւ, սպասեց Շուշին գրաւեն եւ այնքան զօհեր եւ մեծ կորուստէն ունենանք:

Օհ, պարոն Պուտինը եկաւ, կեցուց կռիւը, բրաւօ պարոն Պուտին, ինչ մեծ գործ ըրաւ. Իր ուզածը ա՞յս էր՝ տկարանա՞նք:

Եղբայր, մոռցիր, Պուտինը, ռուսներուն մի վստահեր: Գիտէք, որ 1920-1921թթ ռուս եւ թրքական հարաբերություններուն դաշնագիրը մինչեւ այսօր կայ: Պուտինը իր շահերը ունի, կօգնէ ազերիներուն, թուրքերուն: Արդեն ծրագրուած էր սա, ռուսներու, թուրքերու եւ ազերիներու միջեւ այս բոլորը պատրաստուած էր եւ կասկածս այն է, որ ներքին դաւաճաններ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Գարեգին Բ-ի եւ քանի-քանի գեներալներու եւ իրենց կողմնակիցներու օգնութեամբ եղաւ:

Պարոն Փաշինեան, Ձեզ նման լաւ հայրենասէր մարդիկ կան կողքիդ՝ Լեւոն Շիրինեանի պէս, Արման Բաբաջանեանի պէս, քիչ մը լսէ նրանց: Իսկ Ֆրանսիայի Մաքրոնը քանի-քանի անգամ առաջարկած է Հայաստանին օգնելու իր զորքով: Մենք Եւրոպայի պէտքը ունինք:

Պարոն Փաշինեան,
Ձեզ կը մաղթենք քաջ, անվախ յաջողութիւն եւ մեր ազգասէր հայուն մեծ ուրախութիւն

Սարգիս Պասմաճեան
Կլենտէյլ, Քալիֆոռնիա, ԱՄՆ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *