Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչ պատասխանած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն ՍարգսեանիԱզրպէյճանի կողմէ պահուող բոլոր հայ պատերազմական գերիներու եւ քաղաքայիններու շուտափոյթ վերադարձին վերաբերող նամակին: Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ Եւրոպական խորհուրդը կը շարունակէ ուշադիր հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու վիճակին: Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ այն առնչութեամբ, որ «2020 թուականի տագնապին ծիրին մէջ կալանաւորուած ոչ բոլոր անձերը փոխանակուած են»:

Ան յայտնած է, որ ԵԽԽՎ-ի գաղթականներու հարցով յանձնախումբը զեկուցում կը նախապատրաստէ «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի մարդասիրական հետեւանքները» խորագիրով: «Թոյլ տուէք հաւաստել ձեզի, որ Եւրոպական խորհուրդը իր լիազօրութեան ծիրին մէջ պիտի ընէ կարելի ամէն բան աջակցելու երկու անդամ երկիրներուն` շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան ու բարգաւաճման հասնելու», նշած է Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *