Ամերիկայի Հայ դատի յանձախումբի ջանքերուն շնորհիւ Միացեալ Նա-հանգներու Ներկայացու-ցիչներու տան տասնեակ անդամներ միացած են Տէյվիտ Վալատաոյին եւ Քոնկրեսի հայկական խումբի ղեկավարներունՊայտընի վարչակազմին կոչ ուղղելով դադրեց-նելու Ազրպէյճանին տրո-ւող ամերիկեան զին-ուորական օգնութիւնը, որ ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կը նպաստէ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն եւ այդ երկրի զինուորական կարողականու-թիւններու բարձրացման:
24 մայիս թուակիր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած նամակը ստորագրած քոնկրեսականները կոչ կ՛ուղղենանյապաղ դադրեցնելու Ալիեւի փտած վարչակարգին Միացեալ Նահանգներու կողմէ զինուորական եւ անվտանգային օգնութեան բոլոր տեսակներու տրամադրումը: Քոնկրեսականները մտահոգութիւն կը յայտնեն նախագահ Պայտընի կողմէ «907-րդ» բանաձեւի պահանջներու կատարումէն հրաժարելու գծով: Այդ բանաձեւի պահանջներով կը սահմանափակուի Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը Ազրպէյճանին հիմք ունենալով Հայաստանի եւ Արցախի շրջափակումն ու ազրպէյճանական նախայարձակումը: Նամակի հեղինակները մտահոգութիւն յայտնած են, որ առանց հաշուի առնելու Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի շրջափակման վերացման շուրջ հոլովոյթը եւ յարձակումի կիրարկման փաստը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրաժարած է բանաձեւի կատարումէն«չմանրամասնելով ազգային անվտանգութեան լուրջ մտահոգութիւններ», ըսուածը, որ հիմք ընդունուած էր «907-րդ բանաձեւ»-էն հրաժարման համար: Երկկուսակցական նամակին վերաբերեալ Վալատաօ կը նշէ. «Ամերիկեան ոչ մէկ տոլար պէտք է ուղղուի Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն: Քարիւղով հարուստ այդ երկիրը ազգային զտումներ կը կատարէ Արցախի մէջ, կը պահէ հայ պատերազմական գերիներ եւ հիմա ալ տարածքներ կը բռնագրաւէ Հայաստանի Հանրապետութենէն: Նախագահ Պայտըն պէտք է անյապաղ ետ վերցնէ «907-րդ բանաձեւ»-ի կատարումէն հրաժարելու որոշումը, իսկ եթէ ոչ, ապա Քոնկրեսը պէտք է կանոնադրապէս կանխարգիլէ Ալիեւի վարչակարգին ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը: «Այլընտրանքը պիտի ըլլայ Պաքուի շարունակական հակահայկական յարձակումը եւ այդ գործին մէջ Ազրպէյճանի առջեւ կանաչ լոյս վառելը»: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը նշէ. «Ամերիկահայերը, Ֆրեզնոյէն մինչեւ Քալիֆորնիոյ կեդրոնական հովիտներ, կը միանան ամբողջ Ամերիկայի մէջ մեր համայնքին ու գործընկերներուն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն քոնկրեսական Վալատաոյին եւ Քոնկրեսի հայկական խումբի համանախագահներուն Ալիեւի վարչակարգին տրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան դադ-րեցման պայքարին համար:
«Պաքուի կողմէ սրուող յարձակումի պայմաններուն մէջ մենք յատկապէս կը գնահատենք ջանքերը Վալատաոյի, որ այցելած է Արցախ, ուղղակի կերպով ծանօթացած է այնտեղ ապրող մարդոց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վտանգուած բնակչութեան»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *