31 մայիսին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանը հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին հետ:
Նախարարի պաշտօնակատար Այվազեանը շնորհակալութիւն յայտնած է անձնակազմինմիացեալ աշխատանքի ընթացքին դրսեւորած մասնագիտական նուիրուածութեան համար: Իր խօսքին մէջ Արա Այվազեան նշած է. «Երբ ես համաձայն գտնուեցայ ստանձնելու այս պաշտօնը, ատիկա կեանքիս ամէնէն դժուար, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ամէնէն դիւրին որոշումն էր: Դիւրին որոշում էր, քանի որ ես
անձնապէս, եւ վստահ եմդուք
բոլորդ, կը գիտակցէինք, որ պարտք ունինք մեր զոհերուն առջեւ, պարտք ունինք մեր երկրին առջեւ: Դժուար էր, քանի որ շատ լաւ կը հասկնայի եւ կը գիտակցէի, թէ ի՛նչ հսկայական պատասխանատուութիւն է իմ եւ մեր բոլորին վրայ, քանի որ մենք իրաւունք չունէինք սխալելու: Մենք իրաւունք չունէինք ընելու այնպիսի քայլ, որուն համար հետագային մեր ժողովուրդը եւ մեր պատմութիւնը մեզ պիտի չներէր»:
Ըստ Արա Այվազեանի, դիւանագիտութիւնը պարտուած չէ, եւ կը կարծէ, որ Հայաստանի միջազգային գործընկերները հասկցած են, որ Հայաստանը պարտուած չէ, Արցախը պարտուած չէ, հայութիւնը պարտուած չէ:
Արա Այվազեան ըսաւ, որ ինք շատ դժուարութեամբ տուած է հրաժարականի իր որոշումըաւելցնելով, որ երբ ստանձնած է այս պաշտօնը, իրեն համար եղած է մէկ չափանիշ
«այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր պետական, ազգային շահերը: Յոյսով եմ, որ ձեզի ամօթով չեմ ձգեր, եւ հրաժարականիս որոշումը պայմանաւորուած էր ճիշդ այդ պատճառով, որ երբեւէ որեւէ կասկած չըլլայ, որ այս նախարարութիւնը կրնայ ինչ որ քայլ կատարել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ որ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են»:
Աւելի ուշ, արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան Դիմատետրի իր էջով գրած է, որ կը լքէ իր պաշտօնը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր գործընկերներուն, նախկին նախարարներուն եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն` աւելցնելով, որ իր աշխատանքը պիտի շարունակէ դիւա-նագիտական ծառայութեան մէջ:
Նոյն օրը հրաժարական ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Գագիկ Ղալաչեան: