ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Երկուշաբթի, Մայիս 31-ին, Ֆրանսայի նախա-գահ Էմանուէլ Մաքրօն Փարիզի մէջ Հայաստանի ժամանակաւոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ասաց. «Այս բարդ իրավիճակում, որտեղ յայտնւած է Հայաստանը, Ֆրանսան ինչպէս միշտ կանգնած է Հայաստանի կողքին: Այսօր Հայաստան կը դիմակալէ անվտանգութեան լուրջ ճգնաժամ: Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութենէ յետոյ, որ վերջակէտ դրաւ Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններուն, պարոն Փաշինեանի հետ իրավիճակը վերլուծելովմենք կը նշենք, որ հակառակ հրադադարի ռեժիմի հիմնական յարգման, դեռ շատ անելիքներ կան: Եւ Ֆրանսան պատրաստ է օգնութիւն տրամադրելու բնակչութեան օգտին … բոլոր պատանդներուն, ներառեալ՝ ռազմագերիներուն եւ այլ կալանաւորւածներուն ազատ արձակելու հարցի մէջ»: Նախագահ Մաքրօնը շեշտեց. «Լեռնային Արցախի մէջ եւ անոր յարակից շրջաններու մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է կատարուի անվերապահօրէն: Եւ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիր, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի հետ միասին, Ֆրանսայի պարտքն է բոլոր ջանքերը գործադրել կանխելու սրացումը եւ կողմերու միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու համար: … Ատրպէյճանական ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի գերիշխան տարածքէն, եւ ես կողմերուն կոչ կ՛ընեմ վերադառնալ իրենց նախնական դիրքերուն : Մենք պարոն Փաշինեանի հետ խօսեցանք նաեւ տնտեսական համագործակցութեան մասին, որոշ ոլորտներու մէջ յստակեցուած գործընկերութեան մասին»:

Վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ըսելով. «Ֆրանսան եւ Հայաստանը եզակի յարաբերութիւններ ունին, եւ շատ կարեւոր է արձանագրել, որ այս ընթացքի մէջ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ զգացած են Ֆրանսայի եւ անձամբ Նախագահ Մաքրօնի աջակցութիւնը: Ես կ՛ուզեմ ընդգծել շատ կարեւոր գործոն մը, այն է, որ Նախագահ Մաքրօնը ճշմարտութիւնը խօսեցաւ մեր տարածաշրջանի մէջ ճգնաժամի առաջին օրուընէ ի վեր, եւ անոր ձայնը լսուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ»:

Վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ «ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահների գործունէութիւնը չափազանց կարեւոր է Լեռնային Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման եւ տարածաշրջանային ճգնաժամերի համար. կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար: Ես շատ ուրախ եմ, որ պատերազմի աւարտէն յետոյ համանախագահներն արդեն երեք յայտարարութիւն են արել, որով նրանք, փաստօրէն, արձանագրում են իրենց պատրաստակամութիւնը ներգրաւուելու եւ վերականգնելու բանակցութիւնները Լեռնային Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ»:

2020-ի Դեկտեմբերի սկզբին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը գրեթէ միաձայն քուէարկութեամբ ճանչցաւ Արցախին անկախութիւնը եւ դատապարտեց Ատրպէյճանին եւ Թուրքիային՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ անառարկելի յարձակման համար: Այդ յաջորդեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի աւելի վաղ քուէարկութիւնը, որ նոյնպէս ճանչցաւ Արցախին անկախութիւնը եւ դատապարտեց Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը:

Վարչապետ Փաշինեան պէտք է լիակատար արագութեամբ յառաջ երթայ՝ ձգտելով ՄԱԿ-ի գործողութիւններուն՝ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն, որոնք բաղկացած կրնան ըլլալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երեք երկիրներու զինուած ուժերէն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին:

2020-ի Նոյեմբերի 9-ի տխրահռչակ յայտարարութիւնը ստորագրելու համար Հայաստանին պարտւողական անձնատրութեան պարտադրութենէն ի վեր՝ կասեցնելու համար Թուրքիոյ-Ատրպէյճանի-«ԱՅՍԻՍ»ի ահաբեկիչներու անառարկելի հակահայ 44-օրեայ յարձակումը, ի յայտ եկաւ նոր հարցում մը. Արդէօ՞ք Ռուսիոյ միակողմանի քայլերը Սիւնիքի մէջ հիմնականին մէջ վնասակար են Հայաստանի գերիշխանութեանմինչ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ՝ ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան դուրս կը թողուին: Ցեղասպան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը շարունակեն իրենց պետական քաղաքականութիւնը ոչնչացնելու Հայաստանը որպէս ինքնիշխան պետութիւն: Արդէօ՞ք Ռուսաստանը անոնց կ՛օգնէ Հայաստանը ոչնչացնելու խնդրին մէջ:

Բայց ի՞նչ պատահեցաւ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսկի Խումբի երկու այլ համանախագահներու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ: ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Մինսկի գործընթացը կոչուած է ղեկավարելու Լեռնային Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծումը գտնելու ԵԱՀԿ ջանքերը: Զայն կը համանախագահեն Ֆրանսան, Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները:

Կրնա՞ն ամերիկահայերն ու Ֆրանսահայերը ստեղծել քաղաքական մեքենաներ, որոնք կրնան օգնել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երկու միւս համանախագահ երկիրներուն՝ Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսային, գերազանցապէս բարելաւելու իրենց քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ: Եթէ դրական պատասխան յայտնուի, ապա օգուտները անսահման եւ աննախընթաց կ՛ըլլան:

Հայաստանի՝ կարողականութեամբ օժտուած Սփիւռքը պէտք է առաւել աշխուժացնէ իր անվերապահ, բայց լաւ մտածուած աջակցութիւնը Երեւանին եւ Ստեփանակերտին եւ միջազգային հանրութեան յստակօրէն հասկնալի դարձնէ, որ հայկական զոյգ հանրապետութիւնները լքուած չե՛ն իրենց ճակատագրին:

Որպէս ինքնիշխան պետութիւն՝ Հայաստան ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ որեւէ ժամանակ զարգացնելու իր տնտեսական դաշինքները հարեւան Իրանի եւ Վրաստանի հետ՝ առանց Ռուսաստանի արգելքին եւ նախկին ռեժիմի գողապետական օլիգարխներու մասնաւորաբար՝ Հայաստանի հինգերորդ շառասիւնի խանգարիչ գործողութիւններուն: Նախկին վարչակարգի գողապետականները՝ նախկին նախագահներ՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսյան, Ռոբերտ Քոչարյան, Սերժ Սարգսյան եւ անոնց գործակալները Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէ ներս՝ «չկաթողիկոս» Գարեգին Բ-ին, անոր արիւնակից եղբայրը՝ Մոսկուայի չարք. Եզրասին, Լոս Անճելոսի չարք. Յովնան Տէրտէրեանին պէտք չէ թոյլ տրուի խոչնդոտել Հայաստանի առաջընթացին` որպէս կենսունակ ժողովրդավարութիւն եւ որպէս տնտեսական ու ռազմական տարածաշրջանային հզօր տէրութիւն:

Աշխարհի հայերը պէտք է իրենց լաւագոյնը ընեն եւ ոեւէ միջոց չխնայեն օգնելու համար Հայաստանին՝ ինքնահաստատուելու որպէս «Կովկասի Վագրը»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *