Գրեց՝ Գէորգ Քէօշկէրեան
Ինչուներու այս շարքով կ՛ուզեմ մտահոգու-թիւններս յայտնել մեր գաղութի մէջ առկայ եղող կարգ մը հարցերու շուրջ։ Դուք կրնաք չբաժնել զանոնք, սակայն կը յուսամ որ գոնէ մտածելու առիթ կու տայ ձեզի եւ թերեւս կրնաք մատնա-նշել դարմանումի միջոցներ։
Օրինակ, յուղարկաւորութեան մը առիթով՝ ինչո՞ւ ողողել եկեղեցին ծաղկեպսակներով . . . Ես կը խորհիմ որ այդ գումարները կրնան աւելի լաւ դեր կատարել մեր գաղութին մէջ, երբ փոխան ծաղկեպսակի նուրիատուութիւններ կատարուին ազգային ծերանոցին, դպրոցներու եւ կամ մշակութային միութիւններու՝ որոնք կը ծառայեն մեր գոյատեւման որպէս հայ փոքրամասնութիւն այս օտար ափերուն վրայ։
Ինչո՞ւ մեր գաղութի թեմակալ առաջնորդները կ՛ակնկալեն եւ կը ստանան նիւթական վարձատրութիւն, երբ իրենց թեմին պատկանող եկեղեցիին մէջ պատարագ մատուցանեն։ Ըստ ինծի՝ այս սովորութիւնը ընդունելի չէ նկատի առնելով որ այդ առաջնորդները իրենց տարեկան եկամուտը ունին, առաւել իրենց կը տրամադրուի բնակարան մը ու ինքնաշարժ մը, անոնց յարակից բոլոր ծախսերով։
Եթէ առաջնորդը հրաւիրուի պսակադրութիւն մը եւ կամ ալ յուղարկաւորութիւն մը կատարելու, հասկնալի է որ ատոր համար պէտք է նիւթապէս վարձատրուի, որովհետեւ այդ իր սովորական պարտականութենէն դուրս կը մնայ։ Բայց եկեղեցիներու մէջ պատարագ մատուցանելը պէտք է իրենց հովուական պարտականութեանց մաս կազմէ, որուն համար պէտք չէ որ նիւթական հատուցում ստանան եւ վերջ։
Ինչո՞ւ գաղութիս հոգեւորականները չեն մասնակցիր նուիրահաւաքի, ըլլայ այդ Հայաստանի համար թէ տեղական եկեղեցիի մը կառուցման համար։ Անոնք միայն ու միայն կ՛ոգեւորեն հայ գաղութի զաւակները որ առատաձեռնօրէն մասնակցին հանգանակութեանց, յատկապէս Գոհաբանութեան Օրուան Telethone-ի ընթացքին։ Միթէ իրենք հայ գաղութին չե՞ն պատկանիր . . . Ընդհակառակը, անոնք պէտք է որ առաջինը ըլլան մասնակցելու եւ այդպէսով բարի օրինակ դառնան՝ պարզ ժողովուրդին։ Բայց դժբախտաբար այդպէս չէ իրականութիւնը եւ ես կը ցաւիմ այդ տխուր երեւոյթին համար։
Միջին Արեւելեան երկիրներուն մէջ՝ ամուսնութեան մը առիթով երկու տեսակ հրաւէր կը տրուէր։ Բարեկամներուն, դրացիներուն եւ ընկերներուն համար՝ միայն պսակադրութեան ներկայ գտնուելու հրաւէր։ Իսկ մօտիկ ազգականներուն համար՝ հարսանեկան խրախճանքին ալ ներկայ գտնուելու հրաւէր։ Ամերիկայի մէջ սակայն՝ ինչո՞ւ այդ սովորութիւնը ի գոյ չէ։ Հոս՝ դուռ-դրացի, բարեկամ, ազգական՝ բոլորն ալ կը հրաւիրուին խրախճանքի։ Դժբախտաբար կան մարդիկ որոնք զանց կ՛առնեն եկեղեցական պսակադրութիւնը եւ ներկայ կը գտնուին միայն ու միայն խրախճանքի կերուխումին . . .
Ինչո՞ւ խրախճանքի մը առիթով՝ ըլլայ այդ հարսանեկան, տարեդարձի եւ կամ միութեան մը կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթի մը ընթացքին, երաժշտութիւնը խուլութիւն յառաջացնելու աստիճան՝ բարձր կը հնչէ։ Եղբայր՝ սեղանակիցներ չեն կրնար իրարու հետ խօսակցիլ եւ իրարմէ բան մը հասկնալ, այդ «լաբիւրինթոս»-ին մէջ։
Ինչո՞ւ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտները դասարանէն դուրս՝ հայերէն չեն խօսիր։ Միթէ ամօ՞թ է մայրենի լեզուն գործածելը թէ անվայել, չեմ հասկնար։ Կարծեմ ընտանեկան դաստիարակութեան հարց է այս մէկը եւ ըստ ինծի՝ սխալ։ Կը լսեմ որ ոմանք նոյնիսկ տուներէն ներս ալ հայերէն չեն խօսիր, որպէսզի իրենց անգլերէնը ըլլայ անթերի։ Եթէ այս է իրակա-նութիւնը, հապա ի՞նչ պէտքը կայ հայկական վարժարան յաճախելու։
Ինչուներու այս շարքը տակաւին շատ երկար է սակայն այսօրուան համար այսքանով պիտի բաւականանամ, հաւանաբար շարունակելու համար մօտիկ ապագային, եթէ ընդունելութիւն գտնէ ընթերցողներէն։