Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան երիտասարդական հաւաքականը, Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեա-նութեան տիրացաւ 3 մետալի. 2 ոսկի եւ 1 արծաթ:

Աշխարհի ախոյեան հանդիսացան Գարիկ Կարապետեան (96 քկ) եւ Լիանա Գիւրջեան (81 քկ), մինչ աշխարհի փոխախոյեան հանդիսացաւ Կարէն Մարգարեան (81 քկ):

Երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մելիք Ղուկասեան նշեց, որ աշխարհի այս ախոյեանութենէն ետք այժմ երիտասարդ ծանրաբարձները պիտի սկսին նախապատրաստուելու սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպայի 20-23 տարեկաններու ախոյեանութեան, որուն հաւաքականը պիտի մասնակցի ընդլայնուած կազմով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *