ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիքով, անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած ճգնաժամային կացութեան, շեշտած է, որ ատիկա պէտք է լուծուի քաղաքական-դիւանագիտական եղանակներով:
«Երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարը կ՛ամրապնդուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութեամբ եւ շարունակուող բանակցային հոլովոյթով», ըսած է Սեմերիքով` կազմակերպութեան միացեալ սպայակոյտի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
«Վերջերս հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող լարուածութիւնը կը պահանջէ անյապաղ քայլերու որդեգրում, նախ եւ առաջ` քաղաքական-դիւանագիտական բնոյթի», աւելցուցած է ան: