Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը 24 Մայիսին, միաձայնութեամբ (35-0) վաւերացուց թիւ 457 բանաձեւը, որ նահանգին տեղական կառավարման մարմիններուն եւ աշխատաւորական միութիւններուն արտօնութիւն կու տայ իրենց ներդրումները ետ քաշելու Թուրքիայէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Բանաձեւը Փետրուարին ներկայացուած էր Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փորթանթինոյի եւ Սքաթ Ուիլքի կողմէ։

Փորթանթինօ ողջունեց Ծերակոյտին որոշումը, նման պատժական քայլեր կենսական համարելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման վերջ տալու արշաւին յաջողութեան համար։
Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 2019ին ստորագրած էր նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ հաստատուած թիւ 1320 բանաձեւը, օրէնքի ուժ տալով նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշել պահանջող առաջադրանքին, սակայն Փորթանթինօ եւ Ուիլք դժգոհ էին այդ գործընթացին դանդաղ քայլերէն։

Փորթանթինօ եւ Ուիլք կը շեշտեն, թէ յատկապէս Արցախի դէմ Թուրքիոյ ցեղասպանական նորագոյն քայլերէն ետք, Անգարային դէմ պէտք է աւելու ազդու քայլեր առնուին:

Նշենք, որ բանաձեւին պատրաստութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արտի Քասախեան, որ քաղաքին ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշել պահանջող առաջարկ մը ներկայացուցած է։
Փորթանթինօ եւ Ուիլք մօտէն կը գործակցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, բանաձեւին հաստատումը ապահովելու համար։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *