Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շեշտած է Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշ-տութիւնը: Այս մասին կը հաղոր-դէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Հակառակ անոր որ զինադա-դարը համաշխարհային առումով կը պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, սակայն տակաւին շատ ընե-լիքներ կան: Եւ Ֆրանսան պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը բնակչութեան: Ես կը խօսիմ բոլոր պահուող անձերը ազատ արձակելու անհրաժեշտութեան մասին, միջազգային մարդասիրական կազմակեր-պութիւններու մուտքի սահմանափակումներու վերացման եւ ականապատուած տարածքներուն մէջ լուրջ խնդիրներու մասին», լրագրողներուն ըսած է ՄաքրոնՓարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն առաջ:
Բացի ատկէ, Ֆրանսայի նախագահը մատնանշած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:
«Անկախ անկէ
խօսքը քրիստոնէական, թէ իսլամական ժառանգութեան մասին է, անիկա պէտք է պաշտպանուի», շեշտած է ան` աւելցնելով. «Եւ Ֆրանսան, իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ միասին, պէտք է բոլոր ջանքերը գործադրէ կողմերուն միջեւ լարուածութեան մեղմացման եւ երկխօսութեան վերականգնման հասնելու համար»:
