«Ազդակ»-ի 31-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Դասախօսն էր Ֆրիպուրկի համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ Մանուկեան. նիւթ«Պազելի միսիոնարները եւ մշակութային զարթօնքը Շուշիի մէջ. 1823-1835 թուականներուն»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Մանուկեան դասախօսութեան առաջին բաժինով ներկայացուց Պազելի միսիոնարական շարժումին պատմականը, իսկ երկրորդ բաժինով կատարեց գնահատականը կրթամշակութային այն ծաւալուն գործունէութեան, որ տարած են Պազելի միսիոնարները: Դասախօսը անդրադարձաւ Ռուսիոյ կեդրոնական իշխանութիւններու, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դիրքորոշումներուն, միսիոնարական շարժումի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ յատկապէս յիշեց անոնց մշակութային գործունէութեան սատար հանդիսացած Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոսն ու Ներսէս արք. Աշտարակեցին: Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան, ներկայացնելով անոնց ուսումնական, տպագրական, հրատարակչական գործունէութիւնը, շեշտեց այն պատմական հակաճառութիւնը, որ կատարած են Պազելի միսիոնարները իսլամական կրօնի նկատմամբ: Յայտարարած են, որ իրենց նպատակը իսլամ զանգուածի դարձն է եւ ոչ թէ մարդորսութիւնը: Դասախօսը յատուկ կեդրոնացաւ անուանի պատմաբան Լէոյի կատարած գնահատականին վրայ, յատկապէս Պազելի միսիոնարներու թարգմանական եւ հրատարակչական աշխատանքներուն: Թէ՛ տեղեկատուական եւ թէ՛ վերլուծական բաժիններով յագեցած այս դասախօսութեան աւարտին դոկտ. Աբէլ Մանուկեան հաստատեց, որ որեւէ ձեւով այս նիւթերուն մէջ չեն նշուած ազերի կամ Ազրպէյճան բառերը, այլ թուրք-թաթարներ: Շուշիի քաղաքակրթական խաչմերուկ եղած ըլլալու հանգամանքին վրայ կանգ առնելով ան անհրաժեշտ նկատեց գիտական իրազեկուածութիւնըմեր թշնամիներու մղած աղաւաղումներուն դէմ դնելու համար: Դասախօսութեան հետեւեցաւ մասնագիտական բնոյթի քննարկում լոյս սփռելով համեմատաբար մութի մէջ մնացած, այդուհանդերձ պատմականօրէն շատ կարեւոր ժամանակահատուածին վրայ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *