ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ու Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլ 7 Յունիսին տեղի ունեցած հեռաձայնաին զրոյցին ընթացքին, շարք մը հարցերու կողքին քննար-կեցին նաեւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հարցը, կը տեղեկացնեն Եւրոպական Միութեան աղբիւրները:
Ըստ Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան՝ Հարաւային Կովկասի մէջ առաջնահերթութիւններէն է՝ «տարածաշրջանի փոխադրական եւ տնտեսական ուղիներու ապաշրջափակումը եւ բնակչութեան մարդասիրական հարցերու լուծումը, ներառեալ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու (Ռուսիա, Ամերիկա եւ Ֆրանսա) մասնակցութեամբ»:
