ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Ներկայիս բազմաթիւ նախանշաններ կան, որ Հայաստան լաւ դիրք ունիհսկայական տնտեսական օգուտներ քաղելու Միացեալ Նահանգներու / Եւրոմիութեան եւ Իրանի նոր մերձեցումէն։ Բազմաթիւ ազդանշաններ կան ԱՄՆ-Իրան յարաբերութիւններու հնարաւոր կարգաւորման վերաբերեալ, որոնք կրնան Իրանին վերադարձնել Արեւմուտքի հետ կառուցողական համագործակցութեան: Իրան կը ներկայացուի որպէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Արեւմուտքի տարածաշրջանային յաջորդ դաշնակիցը, որ կը փոխարինէ Թուրքիային: Կառուցողական յարաբերութիւնները կրնան նպաստել շահաւետ արդիւնքներու բոլոր տարածաշրջա-նային եւ միջազգային դերակատարներու համար: Եթէ Իրանի դէմ ԱՄՆ պատժամիջոցներու վերացումը ընթանայ ինչպէս կ՛ակնկալուի, Հայաստան կրնայ դառնալ ամենամեծ շահողներէն մէկը:
Մարտին, Իրանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Գադդամ Դհարմենդրան յայտարարեց, որ Հնդկաստան կը ծրագրէ Չաբահար նաւահանգիստը (Իրանի հարաւ-արեւելեան ծովային նաւահանգիստը, ուր մեծ ներդրումներ կը կատարուի Հնդկաստանի կողմէ) եւ Հնդկական Ովկիանոսը Եւրասիային եւ Հելսինկիին միացնելու Հայաստանի տարածքով, ստեղծելով միջազգային Հիւսիս-հարաւ տրանսպորտային միջանցքը (INSTC)՝ յաւելելով, որ Նիւ Տելհին կը ծրագրէ Չաբահարը դարձնել տարածաշրջանի ամենակարեւոր եւ ամենազբաղուած նաւահանգիստը: Կը նախատեսուի, որ Հիւսիս-հարաւ միջազգային ճանա-պարհային կապի միջանցքը եւրոպական շուկաները կրնայ կապել Հնդկաստանի եւ Իրանի հետ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Սեւ ծովի վրայով բնական ռեսուրսներ եւ այլ ապրանքներ տեղափոխելու՝ դէպի Եւրոպա եւ Ռուսաստան: Բայց Ռուսաստանը համաձա՞յն է, թէ՞ թաքնուած սաբոտաժի կ՛ենթարկէ խոշոր նախագիծը
հարաւային Հայաստանի մէջ գտնուող Սիւնիքի / Զանկեզուրի շրջանի ինքնիշխան տարածքի Ատրպէյճանի կոպիտ խախտման միջոցով, որ Հայաստանը կը կապէ Իրանի հետ հարաւի կողմէն:
Ժամանակը ցույց կու տայ:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին, ապա Թուրքիոյ նեո-օսմանեան սուլթան նախ. Ռեճեփ Թայիփ Էրտօղան եւ Ատրպէյճանցի բռնակալ Իլհամ Ալիեւ կտրականապէս դէմ են այնպիսի հաղորդակցական մայրուղիին, որ տնտեսապէս կը մեկուսացնէ ե՛ւ Անկարային, ե՛ւ Պաքուին: Հիմա՛ կարելի է տեսնել, թէ ինչու՜ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը ցանկան բռնի կերպով գրաւել Հարաւային Հայաստանի Սիւնիք / Զանգեզուր շրջանը:
44-օրեայ Թուրքիա / Ատրպէյճան / ԴԱԻՇ ահաբեկչական յարձակումը Արցախի Հաանորպետութեան հայերու դէմ եւ պատերազմի ողբերգական աւարտը ջրի երես հանեց մի քանի առանցքային հարցումներ: Նման հարցումներէն մէկը. «Արդէօ՞ք Հայաստանի դաշինքը Ռուսաստանի հետ բաւարար է անոր զարգացման համար»:
Բազմաթիւ անկախ դիտորդներ համաձայն են, որ «Պատաս-խանն ակնյայտ է. Հակառակ որ Երեւան պէտք է զարգացնէ իր գոյութիւն ունեցող դաշինքը Ռուսաստանի հետ, Հայաստան պէտք է բազմակողմանի դարձնէ իր արտաքին դաշինքները, որպէսզի դառնայ առաջադէմ ինքնիշխան պետութիւն:
Հայաստան չի կրնար թոյլատրել որ իր ապագան առեւանգուի ոչ հին գողապետական ռեժիմի օլիգարխներու կողմէ — Լեւոն Տեր-Պետրոսյան, նախ. Ռոբերտ Քոչարյան, նախ. Սերժ Սարգսյանը, մաֆիոզ կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն, ՀԲԸՄ օլիգարխ Պերճ Սեդրակեան, ոչ ալ սորոսականներու նոր ռեժիմը: Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը պէտք է ապահովուի քաղաքականապէս հասուն քաղաքացիներու կողմէ՝ Հայաստանի եւ Արցախի առողջ ապագան որոշելու համար: Հայաստան կը պատկանի հայրենանուէր ուժերուն ե՛ւ հայրենիքի ե՛ւ սփիւռքի մէջ:
Հայաստանի համար իդէալական իրավիճակ կ՛ըլլայ այն, որ ամբողջ սփիւռքահայերը ու հայամետ ոչ հայ ընկերները դառնան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի:
Հայաստան պէտք է Հայաստանի մէջ ստեղծէ ամերիկեան համայնք եւ անուանէ զայն «Փոքր Ամերիկա»: Նմանապէս, Հայաստան պէտք է հիմքը դնէ «Փոքր Ֆրանսային», «Փոքր Ռուսաստանին», եւ այլն, եւ այլն: Հայաստան իրաւունք ունի դառնալու միջազգային ազատ «զօնա»:
Կրնա՞ն այս նախագիծերը իրականութիւն դառնալ առանց հայկական սփիւռքի զանգուածային մասնակցութեան:
Իսրայէլ ծաղկումի մէջ է իր սփիւռքի զանգուածային մասնակ-ցութեան շնորհիւ՝ ենթարկուելով ամբողջ հրէայ ազգի կամքին: Ի հակապատկեր, Հայաստան խեղդամահ եղած է իր նախկին կոռումպացուած ռեժիմի օլիգարխիայի կողմէ: Հին գողապետա-կանները կը մարմնաւորեն անուղղելիօրէն կոռումպացուած բոլշեվիկեան ռեժիմի վերջին մնացորդները, որոնք մշտապէս ետ կը մղեն աշխոյժ եւ հզօր սփիւռքը`անխնայ թալանը շարունակե-լու համար ստեղծելու եւ/կամ պահպանելու համար թալանի պարարտ հող:
Հայկական օլիգարխիան – նախ. Լեւոն Տեր-Պետրոսյան, նախ. Ռոբերտ Քոչարյան, նախ. Սերժ Սարգսյան, մաֆիոզ կաթողիկոս Գարեգին բըըը, ՀԲԸՄ օլիգարխ Պերճ Սեդրակեան, արք. Յովնան Տէրտէրեան Լոս Անճելըսէն, Արք. Եզրասը (Մոսկվա) կը չարա-շահեն Մոսկուայի եւ Ռուսաստանի վստահութիւնը՝ դառնալով Քրեմլինի համար լուրջ քաղաքական պատասխանատւութիւն եւ վնաս: Հասարակական կապերու աղէտ կը սպառնայ Ռուսաս-տանի ղեկավարներուն որոնք կրնան դիմակայել բողոքի լուրջ ալիքներ ամբողջ Սփիւռքի մէջ:
Կրնա՞ն Ամերիկան եւ Եվրոպան 20-րդ դարի վերջին Հայաստանի մէջ կիսատ թողած գործը աւարտին հասցնել:
ԱՄՆ-ԵՒՐՈՊԱ. ԲԱՑ ԹՈՂԱԾ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Դեռ 1910-ականներուն 1918-1920ի Դեմոկրատական Հայաստանի Հանրապետութիւնը ակտիւօրէն հետապնդած էր Հայաստանի նկատմամբ ամերիկեան մանդատ/պրոտեկտորատ ստանալու հայցը: Հակառակ այն փաստին որ ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Վիլսոն համաձայնած էր, ԱՄՆ Ծերակոյտի մէջ մեծ շրջանակ մը դէմ կեցած էր առաջարկուող Հայաստանի համար ամերիկեան պրոտեկտորատին:
Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ինչ կրնար տեղի ունենալ, եթէ Միացեալ Նահանգները օգտուէր ներկայացուած հնարաւորու-թենէն եւ ընդունէր պրոտեկտորատի դերը՝ 1918-1920ի Հայաս-տանի Դեմոկրատական Հանրապետութեան:
Եթէ ԱՄՆ-ն ընդունէր այդպիսի մանդատ մը, ապա Հարաւային Կովկասի եւ Հայաստանի տարածքաշրջանի մէջ ժամանակակից աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները շատ աւելի տարբեր կþըլլային, քան այսօր: Հարաւային Կովկասը կրնայր դառնալ ժողովրդավարութեան միջնաբերդ: Տարածաշրջանը կրնար դառնալ միջազգային առեւտուրի եւ կայունութեան կեդրոն:
Հիմա, շուրջ 100 տարի ետք, կարծես թէ նոր հնարաւորութիւն կայ վերափոխելու Հայաստանը եւ Հարաւային Կովկասը / Արեւելեան Հայկական լեռնաշխարհը, ինչպէս նաեւ Կասպից աւազանը որպէս ժողովրդավարութեան եւ Արեւելքն ու Արեւմուտքը կապող տնտեսական կայուն կեդրոնի: