Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըր պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Հայաստան:
Ան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հան-դիպումի մը ընթացքին քննարկեց երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Ֆիլիփ Ռիքըր հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են ամրապնդելու գործընկերութիւնը Հայաստանի հետհիմնուելով ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներուն վրայ:
Ռիքըր վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները
իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, պատրաստ են իրենց մասնակցութիւնը բերելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ բանակցային լուծման հարցին մէջ եւ շարունակելու պահանջել հայ ռազմագերիներու ու գերեվարուածներու վերադարձը:
Ամերիկեան կողմը ընդգծեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին տիրող իրավիճակի լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնըվերահաստատելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 27 մայիսի յայտարարութեամբ ամրագրուած դիր-քորոշումը, որուն համաձայն, Ազր-պէյճանի զինուած ուժերը պէտք է ետ քաշուին 11 մայիսի դրութեամբ տեղա-կայուած դիրքեր:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նա-հանգներու դեսպանութիւնը տեղեկա-ցուց, որ Ֆիլիփ Ռիքըր այցելեց Ծիծեռ-նակաբերդի յուշահամալիր, ուր յար-գանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղա-սպանութեան զոհերու յիշատակին
Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին անունով ծաղկեպսակ զետեղելով անմար կրակին շուրջ:
