Հաստատուած է, որ երբ մարդս սիրուած է երեխաներու եւ շուներու կողմէ, կը նշանակէ, թէ այդ անհատը բարի սիրտ ունեցող անձնաւորութիւն մըն է։ Երեխաները անմեղունակ արարածներն են, որոնք կարող ենթափանցել մարդուս հոգիին ու սրտին մէջ ու գնահատել։
Իսկ ինչ կը վերաբերի «լաւագոյն բարեկամին», թոյլ տուէք, որ պատմեմ հետեւեալը։
Օր մը անծանօթ գործարար մը կը հեռաձայնէ Հայ գործարարի մը եւ կ՛առաջարկէ գործակցիլ իր հետ՝ պայմանագիր ստորագրելով։ Հայ գործարարը, ընդունելով առաջարկը, զինք կը հրաւիրէ իր ագարակը։ Անծանօթը կը ժամանէ ու ճաշի հիւրը կը դառնայ հիւրընկալին, բացօթեայ դաշտին մէջ։ Հանդիպումին կը մասնակցի նաեւ «լաւագոյն բարեկամը», որ, առաջին ակնարկ մը նետելէ ետք հիւրին վրայ, կը սկսի հաջել։ Տանուտէրը կը փորձէ հանդարտեցնել զինք, սակայն ի զուր։ Վերջապէս սպասաւորները կը հեռացնեն զինք ու մթնոլորտը կը հանդարտի:
Համաձայնագիրը կը ստորագրուի ու հիւրը հրաժեշտ կ՛առնէ։ Որմէ ետք հիւրընկալը կը սկսի մտածել, թէ արդեօք ինչո՛ւ իր հաւատարիմ ու տեւապէս հանդարտ շունը անդադար կը հաջէր: Ասոր պատճառը պիտի յայտնուէր շուրջ վեց ամիս ետք, երբ Հայ գործարարը պիտի անդրադառնար, որ ինք զոհը դարձած է զեղծարարութեան մը։ Մարդուս «լաւագոյն բարեկամը» ահազանգը հնչեցուցած էր, սակայն…
Այս դէպքի մասին ինձ պատմած է նոյնինքն Հայ գործարարը, երբ իր տունը այցելութեան գացած եմ։
Առակս զի՞նչ ցուցանէ։
Անցնող աւելի քան տասը օրերուն հեռատեսիլի կայաններէն, թերթերէն, դիմատետրի էջերէն ու այլ լրատուական միջոցներէ ականատեսը կ՛ըլլանք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական արտակարգ ընտրու-թիւններու մասնակից թեկնածուներու ընտրապայքարին։ Այդ ընտրապայքարի ընթացքին ուշադրութիւնս կեդրոնացաւ գեղեցիկ երեւոյթի մը վրայ։ Խօսքը կը վերաբերի մեծայարգ տիար Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւններու առթիւ իր շուրջ համախմբուած երեխաներու, պարման-պամանուհիներու, որ իւրայատուկ է։
Եւ վստահ եմ ժողովուրդ ճան, որ նաեւ ձեր ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն յուզիչ պահը, երբ Արգահովիտի մանուկները՝ գրկախառնութեամբ ողջունեցին Փաշինեանին։
Հետեւաբար, սիրելի՛ քուէարկող, որպէսզի դուք ալ չիյնաք բարեկամիս ինկած ծուղակին մէջ, բարի եղէք կարդալ ձեր երեխաներումիտքը ու ըստ այնմ քուէարկեցէք։
Լաւագոյն մաղթանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
ՅԳ – Ներեցէք, որ հակառակ այն փաստին, որ նախորդ գրառումս պիտի ըլլար վերջինը մինչեւ ընտրութեան թուականը, սակայն պայմանները ստիպեցին զիս կատարել նաեւ այս գրառումը։
ՆՈՅՆ
