Տոքթ. Նորայր Մանճեան

Երեւանեան գարնանային օր մը, որոշեցինք մոմեր վառել Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ. հնադարեան եկեղեցին, Խաչատուր Աբովեանի անուան պողոտայի եզրին, կեդրոն թաղամասի մէջ:

Եկեղեցին այժմ մաս կը կազմէ հսկայ Եկեղեցական համալիրին, որուն Կառուցման բարերարներն են Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Աննա Յովնաննեաններ :

Այս գեղեցիկ համալիրը աւելի կը գեղեցկացնկէ հայոց սիրուն մայրաքաղաք Երեւանը: Չեմ ուզեր հեռանալ, կը մասնակցիմ երեկոյեան ժամերգութեան:

Համալիրը շրջապատուած է գեղեցիկ ծաղկաստանով: Հայկական աւանդական ջուրի պլպլակը կը յագեցնէ այցելուի ծարաւը:

Զոյգ եկեղեցիներուն դիմաց է Երիտասարդական շքեղ պալատը, որ մշակութային համալիր մըն է, ուր կը կատարուին զանազան ձեռնարկներ:

Ծնողք մը բերած էր իր նորածինը: Քահանայ հայրը կ’աղօթէ, կ’օրհնէ ու մանուկը գրկած կը պտտցնէ Սուրբ Խորանին շուրջ:

Արեւմուտը կը մօտենար, պլպլակի կողքին կանգնած՝ կը դիտեմ աղաւնիները եւ բջիջայինով կը նկարեմ զանոնք:

Աղաւնի մը կը թառի բակը, կը պարզուի թէ անօթաչու սարք է: Երկու երիտասարդներ էին օգտագործողները:

Դուրս եկայ համալիրէն: Կը հանգստանամ դիմացը գտնուող նստարաններէն մէկուն վրայ: Երկու երիտասարդներ կը նուագէին՝ մին ճազ գործիքով, երկրորդը կիթար: Կ’ունկնդրեմ. ուրախանա՞մ թէ տխրիմ: Ուրախացայ եւ տխրեցայ:

9 Ապրիլ 2021-ին, 91 տարեկանին, ցաւ ի սիրտ, երկրային կեանքէն հեռացաւ՝ վայելելու երկնային կեանքը:

Հայաստանի ՍԴ ի նախկին Նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, այս առիթով ըսած է. առանց ՅՈՎՆԱՆԵԱՆԻ չէր կայանար ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ:

Մեծագործ ՀՐԱՅՐ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ իր գործերով անմահացաւ քանզի, ինչպէս ըսած է Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան, «գործն է անմահ, լաւ իմացեք, որ խօսում է դարէ դար, երնէկ նրան ով իր գործով կ’ապրի անվերջ անդադար»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *