ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Անցեալ Կիրակի ՀՀ ինքնիշխան քաղաքացիները ջախջախեցին հին վարչախումբի գողապետութիւնըմինչ պարգեւելով գործող վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան համոզիչ յաղթանակ մը: Վարչապետ Փաշինեանն ու իր թիմը ստացան յստակ մանդատ՝ կատարելու իր նախընտրական խոստումները ա) հին ռեժիմի օլիգարխներու կողմէ ապօրինի ձէռք բերուած հարստութիւնները բռնագանձելու առումով. բ) մաքրագործել եւ վերափոխել դատական համակարգը
Օրէնքի Գերակայութիւնը հաստատելու համար. գ) Բազմաբեւեռ դարձնելու Հայաստանի արտաքին՝ տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական դաշինքները. դ) ի թիւս այլ հարցերու, կայուն տնտեսութեան տեւական աճ ապահովելու:
Ընտրողները մերժեցին հին ռեժիմի գողապետութիւնըհայկական պետութեան զանգուածային թալանի պատճառով: Ռազմագիտական պետական կորոյցները օտարերկրեայ կողմերուն կոպեկներու դիմաց վաճառքի պատճառով եւ խոչընդոտելու համար հայկական սփիւռքի լիարժեք գործընկերութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի հետ: Ընտրողները հաւատք չընծայեցին նախկին ռեժիմականներու մեղադրանքներուն, որոնք ուղղուած էին Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին՝ Արցախի մէջ նախնիներու հայկական հողերը 44-օրեայ Արցախեան պատերազմի ժամանակ Թուրքիոյ հովանաւորեալ Ատրպէյճանին յանձնելու համար: Ընդհակառակը, ընտրողները վճռականօրէն կը հաւատան, որ իսկութեան մէջ, նախկին կառավարիչներն են, որ համակարգօրէն թուլացուցած են բանակը իրենց՝ շուրջ 30-ամեայ կառավարման ընթացքի (1991-2018): Թաւշին այժմ կը փոխարինէ պողպատէ յեղափոխութեամբ
Օրէնքի Գերակայութիւնը հաստատելու՝ յստակ մանդատի միջոցով:
Մինչ հին ռեժիմի գողապետութիւնը կը պնդէր, որ ունի Ռուսաստանի աջակցութիւնը եւ կը փորձէր հանդէս գալ որպէս միակ միջնորդ հայ ազգի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ, Մոսկուան հեռու կը մնար նախկին ռեժիմի գողապետականներէ յանձինս՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսյանի ռեժիմի (1991-1998), Ռոբերտ Քոչարյանի ռեժիմի (1998-2008) եւ Սերժ Սարգսյանի ռեժիմի (2008-2018):
Ռուսաստան կամ որեւէ այլ պետութիւն ոչ մէկ արտաքին դաշնակից չի ցանկար վատ համբաւի տէր ուժերու հետ առնչութիւն ունենալու այն հսկայական պատասխանատւութիւնը, որ կը ներկայացնեն այս նախկին թալանչիները:
Հասարակական կապի մէկ այլ հսկայական պատասխանատւութիւն է Տէր-Պետրոսյան-Քոչարյան-Սարգսյան գողապետականներու կլանակիցներ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տիտղոսը անարժանաբար կրող Գարեգին Բըըի, անոր արիւնակից եղբօր Մոսկուայի չարք. Եզրասի եւ Լոս Անճելըսի չարք. Յովնան Տէրտէրեանի վարկազրկուածութիւնը:
Բազմաթիւ ընթերցողներ կը յիշեն, թէ մի քանի շաբաթ առաջ Գարեգին Բ-ն Նիւ Եորք մեկնելու ճանապարհին անցած էր Մոսկուայով: Գարեգին Բըըը-ն ցանկութիւն յայտնած էր հանդիպիլ Ռուսաստանի Պատրիարք Կիրիլին, բայց վերջինս մերժած էր Գարեգին Բ-ի առաջարկը կեղծ հայրապետին շառաչուն ապտակ մը հասցնելով: Կրեմլի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, Ռուսաստանի քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւնները հոգնած են Հայաստանի նախկին բոլշեւիկ կոռումպացուած ղեկավարներէ: Գրեթէ բոլորն ալ այժմ կը համարուին անընդունելի մարդիկ տարբեր միջազգային շրջանակներու կողմէ:
Յունիսի 20-ին, Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց տուին, թէ որքանով այս գողապետականները մերժուած են ընտրողներու կողմէ:
Հայաստանի մէջ նախընտրական հասարակական կարծիքի հարցախողզերու համաձայն, հայ ընտրողները բացասական գնահատականներ տուած են:
62% -ը խորապէս չէր սիրեր Ռոբերտ Քոչարյանին; 67% Գագիկ Ծառուկյանին; 73% Լեւոն Տէր-Պետրոսյանին; 76% Արթուր Վանեցյանին; 77% Սերժ Սարգսյանին.
Հայ եկեղեցւոյ կոռումպացուած առաջատար հոգեւորականներու վերաբերեալ հանրային կարծիքի առանձին հարցախոյզերու մէջ՝ Գարեգին Բ չկաթողիկոսը չէ սիրուած 94%ի կողմէ; անոր արիւնակից եղբայրը՝ Մոսկուայի Եզրաս չարքեպիսկոպոսը՝ 88%ի կողմէ եւ Լոս ԱՆճելոսի չարք. Լոս Անճելոսի Յովնան Տէրտէրեան՝ 87%-ի կողմէ: Կարելի է ապահով կերպով պնդել, որ սփիւռքի խոշոր մասսաները գրեթէ նոյն տոկոսական հաշիւներով, եթէ ոչ աւելին՝ չեն սիրեր վերեւ նշուած վարկաբեկուած մակաբոյծներուն որ Հայ Եկեղեցին ներսէն կը փլուզեն:
Այժմ, երբ ընտրութիւնները մեր ետեւը թողած ենք, ողջ հայ ազգը՝ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, պէտք է կեդրոնանայ ազգային օրակարգի իրականացման վրայ՝ Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ալ աւելի ամրապնդելու համար՝ միաժամանակ՝ զուգահերաբար ապահովելով Արցախի անկախութիւնը:
Հիմնուելով ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի ընթերցողներու եւ ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի հեռուստայայտագրի հեռուստադիտողներու հետ բազմաթիւ զրոյցներու վրայ՝ այս գրողը կազմած է օրակարգի հետեւեալ կէտերը, որոնք արժանի են աշխարհի հայութեան հաւաքական ուշադրութեան.
1) Ապօրինի իւրացումներու եւ թալանուած գոյքերու բռնագանձում պետութեան կողմէ եւ զոանոնք վերագործուղղել պետութեան հզրօցման եւ բարգաւաճման:
2) 1999-ի Հոկտեմբերի 27ի Հայաստանի Խորհրդարանի մէջ պետական ղեկավարներու սպանդի ամբողջական բացայայտում եւ հանցագործներու պատասխանատւութեան ենթարկում:
3) 2008-ի Մարտի 1-ի անմեղ եւ խաղաղ քաղաքացիներու սպանդի ամբողջական բացայայտում եւ հանցագործներու պատասխանատւութեան ենթարկում:
4) Դատաիրաւական Համակարգի վերակազմակերպում եւ ամբողջական կայացում, դուրս շպրտելով կոռումպացուած դատաւորներուն եւ դատախազներուն եւ զանոնք փոխարինելով սկզբունք ունեցող արժանապատիւ դատաւորներով եւ դատախազներով:
5) Հարկաւոր է, որ ուժային նախարարութիւնները եւ գերտեսչութիւնները ղեկավարուին Զօրավար Սամվել Բաբայանի նման իսկապէս պետականասէր եւ հայրենասէր մասնագէտներու կողմէ որոնք պէտք է վերակազմաւորեն հայոց բանակը եւ զայն օժտեն գերարդիական ռազմական ճարտարարուեստով:
6) Ամբողջապէս ներքաշել լայնատարած եւ բազմաշերտ ու բազմակողմանի կարողութիւններով օժտուած Հայ Սփիւռքը եւ դադրիլ զայն «կթան կովի» տեղ դնելէ այլեւ՝ զայն ընդունիլ որպէս Հայաստանի եւ Արցախի լիիրաւ գործընկեր եւ զինակից : (Չափազանցած չենք ըլլար եթէ պնդենք թէ Մեծն Լոս Անճելոսի հայութիւնը առանձի՛նը կրնայ Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգացնել, պայմանաւ որ Օրէնքի Գերակայութիւնը ամբողջապէս կայանայ եւ լիակատար գործէ): Եւ կազ-մակերպել ա) բազմազաւակ ընտանիքներու աճ, բ) որակական եւ քանակական ներգաղթ, նպատակ ունենալով Հայաստան-Արցախի ացգաբնակչութեան թիւը հասցնել աւելի քան 5 միլիոնի մինչեւ 2030 թուական: 7 միլիոնի՝ մինչեւ 2040, 10 միլիոն եւ աւելիի մինչեւ 2050:
7) Սահմանամերձ շրջաններու տնտեսասոցիլապէս արագընթաց զարգացում եւ համայնքներու հզօրացում։ Փոխանակ գիւղէն դէպի քաղաք արտահոսքի, փոխարէնը՝ հակառակ ուղութեամբ հոսք ստեղծել քաղաքէն դէպի գիւղ եւ յատկապէս՝ սահմամերձ գօտի:
8) Զարկ տալ քաղաքացիներու ռազմունակութեան արագընթաց զարգացման ստեղծելով հայկական բանակին դիկունքային կարիքները հոգացող Քաղաքացիներու-Աշխարհազօրայիններու Բանակ: Տնտեսապէս եւ բարոյապէս զօրակցիլ Ողջ Մնալու Արուեստի — ՈՄԱ-ի (հիմնուած բանակային հետախուզական ղեկավար) եւ ABBA Armenian Black Belt Academy (hիմնադիր՝ նորոգ հանգուցեալ Դեսպան եւ Մեծ Վարպետ Կարօ Քէպապճեան) Հայ Սեւ Գօտիաւորներու Ակադեմիայի նման ոչ-կուսակցական կազմակերպութիւններուն:
Այս նոր պատմաշրջանը որ սկսաւ Յունիսի 20-ի դրական արդիւնքներով, հարկ է ամրագրել որպէս հայկական փայլուն դարաշրջանի մը խոստումնալից սկիզբը:
Ինչպէս չինական առածը կ’ըսէ, «հազար մղոննոց ճանապարհորդութիւն մը կը սկսի առաջին քայլով մը»: