Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Բազէեան ճանչցուեցաւ իբրեւ Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար ախոյեանութեան լաւագոյն կռփամարտիկը, 56 քկ դասակարգին մէջ:
Հայրենի կռփամարտիկը, որ կատարեց չորս մենամարտ, արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ:
Նշենք, որ աւարտական մրցումին երէկ Վլատիմիր Ենգիբարեանի անուան մարզադպրոցի սանը նաքաութով յաղ-թեց իրլանտացի Էտըմ Պրայըն Հեսիոնին:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Համբարձում Յակոբեան (81 քկ), թէեւ հասաւ աւարտականին, սակայն պարտուեցաւ իր ռուս մրցակիցէն եւ դարձաւ արծաթէ մետալակիր:
