Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ25 յունիսին ընդունած է շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստան գտնուող Աւստրիոյ եւրոպական եւ միջազգային հարցերով դաշնակցային նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկը, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կապրիելիւս Լանտսպերկիսը, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրեսքուն եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտները նշած են, որ շրջանային այցելութեան նպատակն է ընդգծել Եւրոպական Միութեան համար հարաւկովկասեան շրջանի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան կարեւորութիւնը, կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն: Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան առումով դիւանագէտները նշած են, որ այս տարուան դեկտեմբերին նախատեսուող
Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընդառաջկ՛ուզեն տեղեկանալ վեհաժողովէն Հայաստանի ակնկալիքներուն մասին: Նախագահ Սարգսեանն ու եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտները միտքեր փոխանակած են պատերազմէն ետք երկրին եւ շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի, յատկապէս
մարդասիրական, սահմանային խնդիրներու շուրջ: Նշած են, որ Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր է շրջանի կայունութիւնը, եւ իրենք կ՛ուզեն ներդրում ունենալ այդ հարցին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Ազզրպէյճանի կողմէ անազատութեան մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուտափոյթ վերադարձի հարցին` շեշտելով, որ այս հրատապ խնդիրի լուծման գործին մէջ Հայաստանը կ՛ակն-կալէ միջազգային գործընկերներուն աջակցութիւնը:
