«Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանցի զինուորները Գեղարքունիքի հատուածին մէջ սպառնալիքներ հնչեցուցած են սպանացի լրագրող-ներու հասցէին: Տեղեկութիւնը հրապարակուած է կազմակերպութեան թուիթըրեան էջին վրայ:
«Գեղարքունիքի մէջ ազրպէյճանցիները մահուան սպառնալիքներ հնչեցուցած են այդտեղ իրենց աշխատանքը կատարող սպանացի լրագրողներուն, որոնք դիրքերու մասին նիւթ կը պատրաստէին», նշուած է կազմակերպութեան գրառումին մէջ:
«Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը կը դատապարտէ լրագրողներու նկատմամբ նման անընդունելի արարք:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *