Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնօ յայտարարած է, որ Գերմանիոյ մէջ Քանատայի դեսպան, Եւրոպայի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ յատուկ յանձնակատար Սթեֆան Տիոն պիտի ստանձնէ առաքելութիւնուսումնասիրելու այն տարբերակները, որոնց միջոցով Քանատան պիտի կարենայ աւելի լաւ աջակցիլ հայկական ժողովրդավարութեան: Այս մասին կը գրէ «Քանատա» կայքը: Արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, Քանատան պարտաւորուած է համագործակցելու Հայաստանի հետ
երկրի ժողովրդավարական յառաջընթացը առաւել զարգացնելու համար, ինչ որ չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն հայ հասարակութեան, այլ նաեւ շրջանին համար:
Յատուկ յանձնակատարը իր առաքելութեան ընթացքին պիտի ուսումնասիրէ, թէ Քանատան ինչպէ՛ս կրնայ աջակցիլ հայկական քաղաքացիական հասարա-կութեան ջանքերունամրացնելու ժողո-վրդավարական կառոյցները, աւելցնելու Հայաստանի մասնակցութիւնը բազմակողմ կառոյցներուն մէջ եւ խթանելու ներառական տնտեսական աճը: Առաքելութեան նպատակն է ամրապնդել քանատական հասարակութեան աջակցութիւնը
ի շահ հայկական ժողովրդավարութեան:
Սթեֆան Տիոն իր աշխատանքը պիտի շարունակէ քանի մը ամիս, անոնց ընթացքին ան առցանց խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ թէ՛ Քանատայի մէջ հետաքրքրուած կողմերու, թէ՛ ալ Հայաստանի գործընկերներուն հետ: Ան նաեւ պիտի այցելէ Հայաստանհանդիպելու Հայաստանի կառավարութեան անդամներու, գործընկեր դեսպանատուներու, քաղաքացիական հասարակութեան խումբերու, միջազգային կազմակերպութիւններու, սեփական մարզի եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ: «Այս առաքելութիւնը կ՛ընդգծէ այն կարեւորութիւնը, որ Քանատան կու տայ հայկական ժողովրդավարութեան յաջողութեան: Յատուկ բանագնացը իր առաքելութենէն ետք արդիւնքներուն մասին պիտի զեկուցէ նախարար Կառնոյին», կը նշուի Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Իր կարգին, Սթեֆան Տիոն այս առնչութեամբ գրառում կատարած է «Թուիթըր»¬ի իր էջին վրայ
նշելով. «Ինծի համար պատիւ է նման կարելիութիւն ստանալը` նպաստելու Քանատայի եւ Հայաստանի ժողովրդավարութիւններու կապերու ամրապնդումին»:
