Կարինէ Քոչարեանը աւելի քան երեք ամիս է Նիւ Եորքէն տեղափոխուած է Արցախ։ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք՝ 28 տարի առաջ Հայաստանէն Նիւ Եորք տեղափոխուած հայուհին՝ կրցած է հանգստանալ միայն Արցախ հաստատուելով։ «Ես միշտ ըսած եմ, եթէ ամէն մէկս մեզի բաժին ինկած քարի մը մասը տաշենք, աւարտին արձան կը կանգնեցնենք»,- կ՝ըսէ Կարինէ Քոչարեան Facebook-ի վրայ։
«Պատերազմէն ետք տեղս չէի գտներ, այստեղ հանդարտեցայ, գօտեպնդուեցայ, յուսադրուեցայ։ Արցախցին ինծի կամք տուաւ ապրելու, սիրտ տուաւ դիմակայելու, հաւատք տուաւ պայքարելու։ Ստեփանակերտի թատրոնին մէջ բեմադրութիւն կ՝ընեմ, Նարինէ Աբգարեանի «Երկնքէն երեք խնձոր ընկաւ» գործին հիման վրայ։ Ամէն օր կը շփուիմ արցախցիի հետ, սկսած հարեւաններէն։ Եկէք Արցախ, եթէ կ՝ուզէք բարի ու սրտաբաց մարդոց հանդիպիլ։ Եթէ կ՝ուզէք աշխարհի ամենապայծառ, յոյզերով ու յոյսերով լի, խելացի երիտասարդութեան հանդիպիլ, խոր վշտի մէջ զուսպ, ամէն ինչ կորսնցուցած, բայց իրենց արժանապատւութիւնը պահած մարդոց հանդիպիլ եւ վերջապէս իրենց հողին համար կեանքը չխնայող, իրենց սարերուն նման վեհ, իրական հայրենասէր հայու հանդիպիլ։ Եկէք Արցախ, ճանչցէք արցախցին, որ եթէ իբրեւ հայ հպարտանալու առիթ ըլլայ՝ նոյնինքն Արցախով հպարտանանք»,- կ՝ըսէ Կարինէ Քոչարեան։
