Եւրամիութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ յառաջիկայ 5 տարիներուն մէկուկէս միլիառ Եւրոյէ աւելի գումար յատկացնել Հա-յաստանին՝ հինգ առանցքային ծրագիրներու, որոնց շարքին` Սիւնիքի մարզի զարգացման համար: Փաստաթուղթը ներկայացուած Յուլիս 2-ին Պրիւքսէլի մէջ առանձնացնելով այն նախաձեռնութիւնները, որոնք Եւրոպական Յանձնաժողովը մտադիր է իրականացնել մինչեւ 2025 թուականը Արեւելեան Գործընկերութեան անդամ երկիրներուն մէջ:
Հայաստանի մասով Եւրոպական Յանձնաժողովը կը ծրագրէ.
- Աջակցիլ 30,000 մանր ու միջին պիզնեսներուն` կայուն, նորարար եւ մրցունակ տնտեսութեան համար,
- Խթանել սոցիալ-տնտեսական զարգացումը եւ հաղորդակցութիւնը` աջակցելով Հիւսիս-հարաւ միջանցքին,
- Ներդրումներ կատարել տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու, գիտութեան ու տեխնիկայի ոլորտներէն ներս,
- Ամրապնդել հարաւային շրջաններու դիմադրողականութիւնը,
- Ներդրումներ կանաչ Երեւանի համար
ուժանիւթի արդիւնաւէտ օգտագործման եւ բնութեան աւելի քիչ վնաս հասցնող աւտօբուսներու գործարկման ուղղութեամբ: Ուղենշային առաջին ծրագրով կը նախատեսուի 500 միլիոն Եւրոյի աջակցութիւն տրամադրել փոքր ու միջին պիզնէսի 30,000 ներկայացուցիչներուն: «Համաճարակէն յետոյ տնտեսութեան վերականգնումը Հայաստանի համար գերակայ առաջնահերթութիւն է», – ըսած է Եւրոպական Յանձնաժողովը, արձանագրելով
այս հարցով օգնելով հայաստանցի գործարարներունԵւրամիութիւնը կը նպաստէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման, պիզնէսի զարգացման ու արդիականացման, երկարաժամկէտ կտրուածքով
Հայաստանի կայուն սոցիալ-տնտեսական վերականգմանը:
Այս առումով, ըստ փաստաթուղթի, առաջնահերթութիւնը տրուած է այն ձեռներէցներուն, որոնք կ՛աշխատին բնութիւնը պահպանող տեխնոլոգիա-ներով, յատկապէս շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ այն պիզնէսներուն, որոնք ղեկավարները կանայք են:
Երկրորդ ծրագիրով կը նախատեսուի աջակցիլ Հայաստանի սոցիալ-տնտե-սական զարգացման եւ հաղորդակ-ցութեանը, ընդգծելով, որ Հայաստանի ազգային օրակարգի առաջնահերթու-թիւններէն է Հիւսիս-հարաւ միջանցքի շահագործումը, որը հնարաւորութիւն կու տայ ապահովել ելք դէպի միջազ-գային առեւտրային ուղիներ եւ շու-կաներ:
«Տրանսպորտային ենթակառուց-ուածքներու բարելաւումը հնարաւորու-թիւն կու տայ սերտացնել կապը մար-զերու միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կապը հարեւան երկրներու եւ Եւրամիու-թեան հետ»,- կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնա-ժողովը, աւելցնելով. «Այս ուղղութեամբ Եւրամիութեան ներդրումը կը կեդ-րոնանայ Հիւսիս-հարաւ մայրուղու տակաւին չկառուցուած հատուածներու, որոնց շարքինՍիսիան-Քաջարան ճանապարհի վրայ»: Այս ծրագրի իրագործման համար կը նախատեսուի 600 միլիոն Եւրօ յատկացնել, որ կը տրամադրուի նաեւ հարաւի մէջ նախատեսուած նոր
Սիսիան-Քաջարան թունելի կառուցման:
Երրորդ ու չորրորդ ծրագիրները կը վերաբերին աջակցութիւն՝ նորարա-րութեան, գիտութեան, Հայաստանի հարաւային շրջաններու դիմադրողա-կանութեան ամրապնդման պատե-րազմէն յետոյ ստացած հարուած-ներուն, պատերազմական գօտիէն տեղահանուածներու աշխատանքի ու կրթութեան կարիքներուն:
Վերջինհինգերորդ ուղղութիւնը կր վերաբերի մայրաքաղաքին, մասնա-ւորապէս կանաչ Երեւանին: Այս նպա-տակով կը նախատեսուի աջակցիլ «կանաչ Հանրային փոխադրամի-ջոցներու ներմուծմանը, որոնք աւելի քիչ վնաս կը հասցնեն մայրաքաղաքի շրջակայ միջավայրին: Փաստաթուղթը միաժամանակ կ՛ընդգծէ
երբ հնարաւորութիւն ստեղ-ծուի, Եւրամիութիւնը պատրաստ է նաեւ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի յետ-պատերազմեան վերականգնման եւ հակամարտութեան վերափոխման, անոնց շարքինպատերազէն տուժած տարածքներու ականազերծման, սո-ցիալ-տնտեսական զարգացման, խա-ղաղութեան հաստատմանն ու հաշ-տեցման: Հայաստանէն բացի, Եւրոպական Յանձնաժողովը նոյնանման ծրագրեր ունի նաեւ Արեւելեան Գործընկերութեան անդամ միւս երկիրներուն
Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ համար: