ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Յունիսի վերջին, Թուրքիոյ նախագահ. Ռէճէպ Թայիփ Էրտօղանի դաշնակիցը, Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յաձնաժողովի նախագահ եւ Ծերակուտական Ռոբերտ Մենենտեսի դէմ կեղծ մեղադրանք կատարած Աքիֆ Քակաթայ Քըլըճ այցելեց Միաց-եալ Նահանգներ: Ան կը գլխաւորէր Թրքական պատուիրակութիւն մը, որու գլխաւոր նպատակն էր փրկել Թուրքիոյ վատթարացող հանրային վարկըորպէս ապօրինաբար գործող պետութիւն եւ միջազգային ահաբեկչութեան խոշոր հովանաւոր մը:

Յունիս 21-ին, Թրքական Daily Sabah-ը հաղորդեց, որ «Անգարան պարզ եւ բաց կ՛ըլլայ ԱՄՆ-ի հետ յառաջիկայ բանակցութիւններու մէջ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին անվտանգութեան եւ Թուրքիոյ ամբողջականութիւնը», - ըսաւ պարոն Քըլըճ:

Ուաշինկթընի մէջ, որոշ դիւանագիտական աղբիւրներ նշեցին, որ պարոն Քըլըճի ԱՄՆ-ի «առաքելութիւնը» «հաւանական է, որ պարունակէ թաքնուած Թրքական սպառնալիքներ Միացեալ Նահանգներու դէմ հպարտանալով, որ «Թուրքիան կրնայ հեղեղել Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները միլիոնաւոր փախստական-ներով, որոնց շարքերուն մէջհազարաւոր ներգրաւուած ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ահաբեկիչներով»:

Ծերակուտական Մենենտեսի բազմաթիւ դաշնակից-աշխատակիցներ առաջատար գործունէութիւն կը տանին ԱՄՆ դաշնային կառավարութեան ջանքերու առթիւ՝ հետաքննելու այն ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, որոնց կասկածեալ գաղտնի կողմնակից կը հանդիսանայ Քըլըճ եւ (կամ հաւանաբար՝ նպաստող մըն է): Վերջին տասնամեակի ընթացքին Էրտօղանի կառավարութիւնը մեծապէս կապուած էր ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ եւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ: Լռելեայն, Թուրքիոյ կառավարութեան բազ-մաթիւ պաշտօնատարներ ինչ-որ գաղտնի զինակիցներ կամ ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՊ-ի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կցորդներ են: 2020-ի աշնան ընթացքին Թուրքիան ակտիւօրէն հաւաքագրած է հազարաւոր ահաբեկիչներ՝ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Սուրիայէն եւ Փաքիստանէն եւ զանոնք «գործուղած» է աշխարհի տարբեր երկիրներ, որոնց կարգին՝ Լիպիա եւ Հայաստան:

2021-ի Յունուարի 9-ին, Nordic Monitor-ի հետաքննական յօդուածի մը մէջ Ապտուլլահ Պոզքուրտ հրապարակեց գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք կը պարզեն, որ Քըլըճ, որ նաեւ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) փոխնախագահն է, նախկին ժամանակներուն կապեր ունէր ահաբեկչական «Ալ-Քաիտայի» Սէուտական Արաբիացի ֆինանսաւորողի հետ: Փաստաթուղթի համաձայն՝ Քըլըճ, որ նախագահ Էրտօղանի նախկին օգնականն էր, կը պարզուի, որ ան զարգացուցած է յարաբերութիւններ Եասին ալ-Քատիի հետ, որ երկար տարիներ գրանցուած է որպէս «Ալ-Քաիտան» ֆինանսաւորող, ինչպէս ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութեան մէջ, այնպէս էլ ՄԱԿ-ի ցանկերու մէջ, եւ անոր որդին՝ Մուազ ալ-Քատի (Քատըօղլու): Փաստաթուղթը, որ կնքուած էր որպէս «գաղտնի», մանրամասնօրէն կը նկարագրէր Քըլըճի գաղտնալսուած հաղորդակ-ցութիւնը ալ-Քատիի որդւոյն հետ: Ըստ ձայնագրութեան ընթերցման, երկուքն ալ հեռախօսով շատ բարեկամական կը թուէին:

ԳԱՂՏՆԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՆ ԱՅՍՏԵՂ. https://nordicmonitor.com/2020/02/pace-vice-chairman-is-linked-to-one-time-al-qaeda-financier-saudi-national/

Nordic Monitor նշած է, որ Էրտօղանի հետ տարիներ շարունակ սերտօրէն համագործակցելէն յետոյ Քըլըճ 2011-ին առաջադրուած է Խորհրդարան՝ Էրտօղանի կուսակցութեան ընտրացուցակով: Ան նշանակուած է 2013-ի Դեկտեմբերին՝ Երիտասարդութեան եւ Մարզական «Սպորտի» նախարար: 2016-ի Սեպտեմբերին Քըլըճ խոշոր խայտառակութեան մէջ յայտնուած էր գերմանական Deutsche Welle (DW) հեռուստառատիօհեռարձակման հետ, որ հարցազրոյց վարած էր անոր հետ «Հակամարտութեան գօտի» իր առաջատար քաղաքական հեռուստայայտագրի համար: Լրագրողը՝ Միշել Ֆրիտմըն, Քըլըճին հարցումներ ուղղեց 2016-ի Յուլիսի 15-ին ձախողուած ռազմական յեղաշրջման, վիժած «պուտչի» հետեւանքով սկսուած զանգուածային հաշուեյարդարներու եւ ձերբակալութիւններու, Թրքական մամուլի իրավիճակի եւ հասարակութեան մէջ թուրք կանանց կարգավիճակի մասին: Երբ հարցազրոյցէ յետոյ DW խումբը կը պատրաստուէր լքել նախա-րարութեան շէնքը, եկաւ նախարարի մամուլի խորհրդականը եւ խումբին ըսաւ, որ իրենք չեն կրնար հարցազրոյցը հեռարձակել:


Երբ թիմը մերժեց համաձայնիլ, նախարարութեան պաշտօնեան անոնց ըսաւ, որ չեն թոյլատրուիր լքել շէնքը՝ առանց հարցազրոյցի տեսանիւթը փոխանցելու, որմէ յետոյ անոնք գրաւեցին զայն: DW- ի գլխաւոր տնօրէն Փիթըր Լիմպըրկ խստօրէն դատապարտեց Թուրքիոյ իշխանութիւններունթուրք նախարարի հետ հարցազրոյցի տեսանկարահանման նիւթերը բռնագրաւելու համար: 2017-ին նախարարներու կազմի փոփոխութեան հետեւանքով Քըլըճ հեռացուեցաւ նախարարի իր պաշտօնէն: Երբ Ուաշինկթընի մէջ էր, պարոն Քըլըճ փորձեց հանդիպիլ Ծերակուտական Մենենտեսին: Սակայն անոր խնդրանքները մերժուեցան:

Քըլըճ զայրոյթով պոռթկաց պնդելով, որ «Յատկանշական է, որ այստեղ նոյնիսկ երկխօսութիւն չի որոնուիր, կամ գոնէ հանդիպման առաջարկին չի պատասխան-ւիր»: Ամերիկացի դիւանագէտ մը կտրուկ հակադարձեց Քըլըճին. «Ինչո՞ւ ԱՄՆ արժանապատիւ Ծերակուտականը պիտի ընդունէր հանդիպիլ տարբեր ահաբեկ-չական կազմակերպութիւններու գաղտնի հանցակցի հետ»: Ամերիկացիներու ճնշող մեծամասնութիւնը դէմ է ահաբեկիչներու հետ որեւէ տեսակի բանակցութիւններու: Ուրեմն բարոյական ի՞նչ իրաւունքով Քիլիճ պէտք է բացառութիւն ըլլայ:


Քըլըճ կը մեղադրուի ըլլալ ՏԱԻՇ-ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ/«Ալ-Քաիտա»-ի գլխաւոր աջակիցներէն մէկը եւ շարք մը ռազմական հանցագործութիւններու կողմնակիցը, որոնք իրականացուցած են անոր թուրք, ատրպէյճանցի եւ ահաբեկչական մեղսակիցները 44-օրեայ թուրք-ատրպէյճանա-ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ահաբեկիչներու կողմէ իրականացուած յարձակման ընթացքին, 2020-ի Աշնան, Արցախի հայութեան դէմ:


Ըստ Թրքական «Անատոլու» գործակալութեան, Մարտ ամսուն, թրքական օրէնսդիրներու պատուիրակութեան հետ միասին Պաքու կատարած պաշտօ-նական այցի ընթացքին կը հաղորդուէր, որ պարոն Քըլըճ կը պարծենար. «Մենք 44-օրեայ ժամանակահատուածի մէջ ցոյց տուինք ամբողջ աշխարհին [թուրք-ատրպէյճանական-ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ահաբեկիչները «Արցախի մէջ հայերու դէմ յարձակումով», որ անոնք, որոնք կը ցանկան մեր դէմ կռուիլ, պէտք է պատրաստ ըլլան միաժամանակ պայքարելու երկու պետութիւն-ներու դէմ»: Պարոն Քըլըճ գորգի տակ հրեց Թուրիքոյ ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ահաբեկիչներուն հետ գործակցութեան փաստը:


Կը հաղորդուի, որ պարոն Քըլըճ կուգայ թուրք ընտանիքէ մը, որ առաւելագոյնս «օգուտներ քաղած է» 1915-1923-ի Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութենէ բխող հայկական մեծ բռնագաղթէն եւ զրկուածութենէն: Ցեղասպանութեան բազմաթիւ զոհերու հարիւր միլիարդաւոր տոլարներու անշարժ եւ անձնական ունեցուածքները թալանուած են շարք մը յայտնի թուրք ընտանիքներու կողմէ: Այդ ընտանիքներէն շատերը յայտնուած են այսօրուայ Թուրքիոյ բարձր խաւի մէջ:


Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, պարոն Էրտօղանի նման, պարոն Քըլըճն ալ «հակահայկական, ծայրայեղ ցեղապաշտական Թրքական Գորշ Գայլեր» ահաբեկչական կազմակերպութեան «մոլի կողմնակիցներէն է»: Թրքական Գորշ
Գայլերը ներգրաւուած են բազմաթիւ հայ, քուրտ, արաբ եւ յոյն մտաւորականներու սպանութեան մէջ:

Անցեալ շաբաթ Քըլըճ անհիմն մեղադրանքներ առաջադրեց Ծերակուտական Ռոբերտ Մենենտեսի (NJ) դէմ եւ քննադատեց անոր հայ կին ունենալու համար:

Կամայականօրէն արհամարհելով Ծերակուտական Մենենտեսի երկարամեայ սկզբունքային մօտեցումը կենսական ազգային շահերու եւ այլ կարեւոր հիմնախնդիրներու վերաբերեալ, Աքիֆ Քակաթայ Քըլըճ մեղադրեց Ծերակուտական Մենենտեսին. «Մենք գիտենք, որ անոր կինը հայկական սփիւռքի մէջ է: Ճիշտ չէ քաղաքականութեան մէջ շարժումներ կատարել «պոպուլիստական» եւ ընտանեկան դրդապատճառներու հիման վրայ, որոնք կրնան վնասել յարաբերութիւնները երկրի, խորհրդարանի եւ ազգի հետ»:

Ամերիկացի դիւանագէտ մը USA Armenian Life Magazine-ին ըսաւ. «Անհեթեթութիւն է, որ Թուրքիոյ պատուիրակ Քըլըճ, դժգոհութիւն յայտնած է այն բանի համար, որ Ամերիայի Ծրակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ Ծերակուտական Մենենտես մերժած է հանդիպման իր խնդրանքը: Պարոն Մենենտես ճիշտ ըրաւ»:

Հակառակ Քըլըճի պնդմումին, Ծերակուտական Մենենտես երկար ժամանակ աշխատած է Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման ուղղութեամբ:

Մենենտեսի հետ կապ ունեցող ԱՄՆ պետական արխիւներու գրառումներու արագ ուսումնասիրութենէ կարելի է հաստատել, որ իր դիրքորոշումը ամերիկահայ հարցերու վերաբերեալ եղած է անսասան, եւ ան իր սկզբունքային դիրքորոշմամբ յայտնի դարձած է 2006-ին Ծերակոյտի մէջ ընտրուելէն շատ առաջ: Մենենտես ամուսնացաւ իր հայ հարսնացուի՝ Նատին Արսլանեանի հետ, 2020-ին:

Իր կնոջ հետ հանդիպելէն շա՜տ առաջ Ծերակուտական Մենենտես արդեն հովանաւորած էր բազմաթիւ բանաձեւեր ԱՄՆ Գործադիր Մարմնի/նախագահ-ութեան կողմէ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ: 2009-ին Մենենտես անձամբ ներկայացուց Ծերակոյտի բանաձեւը, որ կոչ կþընէր այն ժամանակուայ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամային պաշտօնապէս ճանչնալու «1915-1923 թուականներուն 1,5 միլիոն հայերու համակարգուած սպանութիւնըորպէս ցեղասպանութիւն»: 2019-ի Ապրիլին Ծերակուտական Մենենտես ոչ պարտադրող բանաձեւ ներկայացրուց 15 Ծերակուտականներէն բաղկացած երկկուսակցական խումբի կողմէ այդ տարի այն ժամանակուայ Ծերակուտական Քամալա Հարիսին, որ այժմ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահն է:

Անցեալ Հինգշաբթի օրը, Թրքական դժբախտութիւնները առաւել բարդացնելով, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Թուրքիային դրաւ այն երկրներու ցանկի մէջ, որոնք կը մեղադրուին երեխաներ որպէս զինւորներ հաւաքագրելու մէջ: Ahval News Յուլիսի 1-ին հաղորդեց, որ ըստ ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, սա առաջին անգամն է, որ Թուրքիա, որպէս ՆԱՏՕ-ի անդամ երկիր, կը ներառուի Երեխայ զինծառայողներու կանխարգիլման օրէնքը խախտած երկիրներու (CSPA) ցանկին մէջ:

Ahval News շարունակեց. «Ճեպազեկոյցը մաս կը կազմէր 644 էջնոց զեկոյցի՝ «Մարդկանց թրաֆիքինգ-մաքսանենգութիւն» ներկայացման մեկնարկին, որտեղ Միացեալ Նահանգները կը քննարկէին աշխարհի շուրջ տարբեր երկիրներ: Զեկոյցը կը ներառէր ժամանակաշրջան մը՝ 2020 թուականի Ապրիլ 1-է մինչեւ 2021 թուականի Մարտի 31-ի ժամանակահատուածի մէջ: Ելոյթ ունենալով ճեպազրոյցի մէջ, պաշտօնատար մը ըսաւ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան «շօշափելի աջակ-ցութիւնը» Հիւսիսային Սուրիոյ Սուլթան Մուրատ ահաբեկչական կազմա-կերպութեան կամ ոչ պետական զինուած խումբին, որ հաւաքագրած եւ օգտագործած էր մանկահասակ զինւորներուն, ճանապարհ բացեց, որ երկիրը դրուի ցանկի մէջ՝ տասնեակ մը այլ երկիրներու հետ»:

Մէկ այլ զարգացումովԹուրքիան պարզապէս ճանչցուեցաւ որպէս «միջազգայնօրէն յայտնի narcօ-պետութիւն (թմրանիւթի պետութիւն)»: Թուրքիոյ հեղինակութիւնը ծանրօրէն հարուածուեցաւ, երբ ան կոչուեցաւ «թմրանիւթի պետութիւն»։ Այդ եղաւ, երբ վերջերս Լատինական Ամերիկայէ թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան մեղսակցութեան մեղադրանքներու թիրախ դարձաւ Թուրքիան, որ ազատութիւն տուած է ապօրինի նիւթեր վաճառելու եւ, աչք փակելով, անոնց հետ անարգել գործառնութեան համար: Այս ամբաստանութիւնները կատարուեցան Էրտօղանի նախկին զինակից նոր կուսակցութեան մը ղեկավար եւ նախկին Տնտեսութեան Նախարար Ալի Բաբաջանի կողմէ, Անթալիա հարաւային նահանգի մէջ կայացած համագումարի ընթացքին, ինչպէս հաղորդեց Karar News- լրատուական ընկերութիւնը:

«Մենք տարիներ շարունակ պայքարած ենք այս երկիրը օրէնքի գերակայութեան երկիր դարձնելու համար», - ըսաւ Բաբաջանը, որ 2019-ին հրաժարական տուաւ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութենէ (AKP), որպէսզի հիմնադրէ իր «Ժողովրդավարութիւն եւ Առաջընթաց» կուսակցութիւնը (DEVA) անցեալ տարի: «Եթէ այս երկիրը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը որպէս Օրէնքի Գերակայութեան երկիր, ապա ան պիտի բռնէ narcօ-պետութիւն դառնալու ճամբան»:

Թրքական մաֆիայի ղեկավար Սետաթ Փեքեր, իր ամենաբացայայտիչ տեսանիւթերու միջոցով, յստակօրէն կը դիմակազերծէ պետութենէն ներս նեխուածութիւնը եւ քրէական գործունէութիւնը, մեղադրելով պետական պաշտօնատարներուն՝ Լատինական Ամերիկայի երկիրներու եւ Թուրքիոյ միջեւ եղծանիչ նիւթերու «կոկաինի» մաքսանենգութեան ուղիներու ստեղծման մէջ անմիջական մասնակցութիւն ունենալու համար: Քօլօմպիայի իշխանութիւնները նախորդ տարուայ Յունիսին առգրաւած էին մօտ 4,9 թոն cocaine, որ Թուրքիա ուղարկուած էր։ Իսկ Մայիսին, Փանամայի մէջ ընդհատուած էր Էքուաթօրէն Թուրքիա ուղեւորուող «կոկային» մէկ այլ բեռ: Փեքերը կը պնդէ, որ Թուրքիոյ մէջ վերջերս կատարուած գործողութիւնները, որ հարաւային Մերսինի նաւահանգիստի մէջ առգրաւուած էր մէկ թոնա «կոկային», որու գլխաւոր նպատակն էր ծածկել մնացած գործողութիւնները:

Յուլիսի 2-ին, Հայաստանի հարաւային Ագարակի սահմանային անցակէտի մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները ձերբակալած են Թուրքիոյ քաղաքացիի մը՝ 11 միլիոն տոլար արժողութեամբ թմրամիջոցներ մաքսանենգ ճանապարհով Հայաստան մտցնելու փորձ կատարելու համար: Հաղորդումը՝ ARKA News-ի:

Մինչ համաշխարհային գետնի վրայ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական Թուրքիոյ համար անբարենպաստ զարգացումներ տեղի կþունենան, պէտք չէ զարմանալ, երբ տեսնենք, որ ձախողուած թուրք նեո-օսմանեան սուլթան Էրտօղանի զինակից-ներ կեղծ մեղադրանքներ «ստեղծեն» այնպիսի քաղաքական առաջնորդներու դէմ, ինչպիսին է Ծերակուտական Մենենտես: Իրականութեան մէջ, ցեղասպան Թուրքիոյ պրոպականդիստները կամայ թէ ակամայ կը բացայայտեն թրքական աճող սարսափը որ հետզհետէ կ’աճի Անգարայի վատթարացող վարկանիշի պատճառով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *