Շաբաթ օր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ 3 յուլիսին Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ Հայաստանը ազրպէյճանական կողմին յանձնած է Վարանդային եւ Կովսականի շրջաններուն շուրջ 92.000 ականներու քարտէսները:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ իբրեւ մարդասիրական քայլազրպէյճանական կողմը Հայաստանին արտայանձնած է բանտարկութեան դատապարտուած 15 անձեր: Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ռուսթամ Մուրատով հայ ռազմագերիները տեղափոխող օդանաւի էջքէն ետք հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց. «Շարունակելով եռակողմ համաձայնագիրի կէտերու կատարումը ապահովելու աշխա-տանքները
այսօր Պաքուի մէջ անձամբ ես ազրպէյճանական կողմին յանձնած եմ երկու շրջաններու ականապատ դաշտերու քարտէսները: Անոնք ականապատուած են հայկական ստորաբաժանումներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած նախորդ զինեալ տագնապի ընթացքին: Ազրպէյճանը իր կարգին ազատ արձակած է 15 հայ գերիներ, որոնք Երեւան հասցուած են Ռուսիոյ օդուժի օդանաւով»:
Մուրատով աւելցուցած է, որ ռուսական կողմը հետագային ալ պիտի շարունակէ աշխատանքը եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն կատարումը ապահովելու ուղղութեամբ:
