Աշխարհի մէջ բարեպաշտ մահմետականներէն շատերն այժմ կը գիտակցին, որ Անգարան արդեն մի քանի տասնամեակներէ ի վեր կը շահագործէ քաղաքական իսլամը:
Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ մէջ իսլամի բարեպաշտ թուրք հետեւորդներու եւ յատկապէս աստուածավախ Քօնիայի, պաշտօնական Անգարան երկար ժամանակէ ի վեր կը շահա-գործէր ամբողջ աշխարհի մահմետականներուն‘ ձեւացնելով, որ անոնք մահմետական ,եղբայրներ եեն: Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիան կը շահագործէր մահմետական հարուստ երկրներուն միլիարդաւոր տոլարներ կորզելու համար՝ սակայն վերջը անոնց դեմ դառնալով ու ցոյց տալով իր իրական երեսը:
Իր օսմանցի նախորդներու նման, նեո-օսմանեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտօղանն ու իր դաշնակիցները անոր հետսհետէ տկարացող Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան (թուրք. ,Adalet ve Kalkֆnma Partisi, AKPե) մէջ շատոնց կը կասկածուէին, որ անոնք խորապէս ներգրաւուած են մի քանի ծայրահեղական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպիսիք են «Ալ-Քաիտա», «ԴԱԻՇ-Իսլամական Պետութիւն» եւ այլն:
Ատրպէյճանի բռնապետ նախագահ Իլհամ Ալիեւ Էրտօղանի կրտսեր գործընկեր է քաղաքական իսլամի շահագործման մեջ:
Վերջերս, Թուրքիոյ նախագահ. Ռէճէպ Թայիփ Էրտօղանի դաշնակիցը, Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յաձնաժողովի նախագահ եւ Ծերակուտական Ռոբերտ Մենենտեսի դէմ կեղծ մեղադրանք կատարած Աքիֆ Քակաթայ Քըլըճ այցելած էր Միացեալ Նահանգներ փրկելու համար Թուրքիոյ վատթարացող հանրային վարկը որպէս ապօրինաբար գործող պետութիւն եւ միջազգային ահաբեկչութեան խոշոր հովանաւոր:
Ըստ Ուաշինկթընի որոշ դիւանագիտական աղբիւրներու, պարոն Քըլըճի ԱՄՆ-ի «առաքելութիւնը» «հաւանական է, որ պարունակէ թաքնուած Թրքական սպառնալիքներ Միացեալ Նահանգներու դէմ‘ հպարտանալով, որ «Թուրքիան կրնայ հեղեղել Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները միլիոնաւոր փախստական-ներով, որոնց շարքերուն մէջ‘ հազարաւոր ներգրաւուած ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ահաբեկիչներով»:
Պր. Քըլըճ կասկածեալ գաղտնի կողմնակից կը հանդիսանայ եւ կամ հաւանաբար՝ նպաստող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու: Վերջին տասնամեակի ընթացքին Էրտօղանի կառավարութիւնը մեծապէս կապուած էր ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ եւ այլ ահաբեկ-չական կազմակերպութիւններու հետ: Լռելեան, Թուրքիոյ կառավարութեան բազմաթիւ պաշտօնատարներ ինչ-որ գաղտնի զինակիցներ կամ ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՊ-ի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կցորդներ են: 2020-ի աշնան ընթացքին Թուրքիան ակտիւօրէն հաւաքագրած է հազարաւոր ահաբեկիչներ՝ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Սուրիայէն եւ Փաքիստանէն եւ զանոնք «գործուղած» է աշխարհի տարբեր երկիրներ, որոնց կարգին՝ Լիպիա եւ Հայաստան:
2021-ի Յունուարի 9-ին, Nordic Monitor-ի հետաքննական յօդուածի մը մէջ Ապտուլլահ Պոզքուրտ հրապարակեց գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք կը պարզեն, որ Քըլըճ, որ նաեւ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) փոխնախագահն է, նախկին ժամանակներուն, կապեր ունէր ահաբեկչական «Ալ-Քաիտայի» Սէուտական Արաբիացի ֆինանսաւորողի հետ: Փաստաթուղթի համաձայն՝ Քըլըճ, որ նախագահ Էրտօղանի նախկին օգնականն էր, կը պարզուի, որ ան զարգացուցած է յարաբերութիւններ Եասին ալ-Քատիի հետ, որ երկար տարիներ գրանցուած է որպէս «Ալ-Քաիտան» ֆինանսաւորող ինչպէս ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութեան մէջ, այնպէս էլ ՄԱԿ-ի ցանկերու մէջ, եւ անոր որդին՝ Մուազ ալ-Քատի (Քատըօղլու): Փաստաթուղթը, որ կնքուած էր որպէս «գաղտնի», մանրամասնօրէն կը նկարագրէր Քըլըճի գաղտնալսուած հաղորդակ-ցութիւնը ալ-Քատիի որդւոյն հետ: Ըստ ձայնագրութեան ընթերցման, երկուքն ալ հեռախօսով շատ բարեկամական կը թուէին:
ԳԱՂՏՆԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՆ ԱՅՍՏԵՂ. https://nordicmonitor.com/2020/02/pace-vice-chairman-is-linked-to-one-time-al-qaeda-financier-saudi-national/
Էրտօղան եւ շարք մը զինակիցներ կը մեղադրուին ըլլալ ՏԱԻՇ-ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ/«Ալ-Քաիտա»-ի գլխաւոր աջակիցներէն մէկը եւ շարք մը ռազմական հանցագործութիւններու կողմնակիցը, որոնք իրականացուցած են անոր թուրք, ատրպէյճանցի եւ ահաբեկչական մեղսակիցները 44-օրեայ թուրք-ատրպէյճանա-ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ահաբեկիչներու կողմէ իրականացուած յարձակման ընթացքին, Արցախի հայութեան դէմ, 2020-ի Աշնան:
Մի քանի շաբաթ առաջ, Թրքական դժբախտութիւնները առաւել բարդացնելով, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Թուրքիային դրաւ այն երկրներու ցանկի մէջ, որոնք կը մեղադրուին երեխաներ որպէս զինւորներ հաւաքագրելու մէջ: Ahval News Յուլիսի 1-ին հաղորդեց որ ըստ ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, սա առաջին անգամն է որ Թուրքիա որպէս ՆԱՏՕ-ի անդամ երկիր կը ներառուի Երեխայ զինծառայողներու կանխարգիլման օրէնքը խախտած երկիրներու (CSPA) ցանկին մէջ:
Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը բազմաթիւ պարագաներու մէջ, աշխարհի ամենայարձակունակ բռնագրաւողները, պղծողները եւ քանդողները քրիստոնեական եկեղեցիներու՝ զանոնք վերածելով ախոռներու կամ մզկիթներու: Արեւմտեան մի քանի բանիմաց դիտորդներ կը նշեն, որ ,Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Իրաքի որոշ հատուածներու մէջ մահմետականներուն իսկ պատկանող մզկիթներու եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ոչնչացումը կապուած է ԴԱԻՇ-ի եւ ծայրայեղական այլ ահաբեկիչներու հետ, որոնք ուղղակիօրէն կը ֆինանսաւորուին Թուրքիոյ կողմէե:
Միանշանակ կան բարեպաշտ թուրք մահմետականներ: Բայց արդէօ՞ք Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը անկեղծ են մուսուլմանական դաւանանքի հանդեպ: Բացարձակապէս ո՛չ: Անոնց համար միայն միայն իսլամական կրօնի շահագործումն է Թուրքական / նեո-օսմանական տարածման համար Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կենտրոնական Ասիոյ մէջ:
Թուրքիան նաեւ կը շահագործէ Արեւմուտքը՝ ինք զինքը ձեւացնելով ժողովրդավարութեան «տիպար օրինակ» Մերձաւոր Արեւելքի եւ ընհանրապէս մահմետական աշխարհի մէջ:
