ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Արդէ՞օք Թուրքիան սպառեց իր պէտքականու-թիւնը հետսառըպատերազմեան ժամանա-կաշրջանի մէջ:

Եկէք ակնարկ նետենք բազմաթիւ հարցերու վրայ, որոնք անուղղելի վնաս կը հասցնեն Թուրքիոյ միջազգային դիրքին:

Վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կայուն կերպով սողոսկած են դէպի անդունդ: ԱՄՆ Նախագահ Պայտընի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը 2021 թուականի Յունիսին Պրիւքսելի մէջ կայացած Հիւսիսատլանտեան դաշինքի կազմակերպութեան (ՆԱՏՕ) գագաթնաժողովի շրջանակի մէջ, չկրցաւ արդարացնել Թուրքիոյ ակնկալիքները, որ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը դրուին հունի մէջ:

Վատթարացող ճգնաժամէն վերականգնման յոյսերու մարման ուղղակի հետեւանքով անորոշութիւնն աճեցաւ: Հիմնական գործօնները, որոնք անցեալին ձեւաւորած են յարաբերութիւնները, մնացած են անփոփոխ: Թուրքական լիրան արժեզրկուեցաւ այն բանէ յետոյ, երբ Պայտընի եւ Էրտողանի սպասուած հանդիպումը աւարտուեցաւ առանց երկկողմ լարուածութեան յստակ լուծումի:

Բազմաթիւ առիթներով, Ֆրանսան դատապարտած է Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչութիւնը.

Ֆրանսան մի քանի անգամ յստակօրէն հասկցուցած է, որ պիտի չի հանդուրժէ Թուրքիոյ ռազմական միջամտութիւնը Լիպիոյ մէջ: Թուրքիան Սուրիայէն ԴԱԻՇ ահաբեկչներուն ուղարկած է Թրիփոլի:

«Ես արդեն հնարաւորութիւն ունեցայ նախագահ (Թայիփ) Էրտողանին շատ յստակ ըսելու, ես կը կարծեմ, որ Թուրքիան այսօր վտանգաւոր խաղ կը խաղայ Լիպիայի մէջ եւ դէմ է Պեռլինի համաժողովի մէջ ստանձնած իր բոլոր պարտաւորութիւններուն», – ըսած է Մակրոն Թունիսի իր գործընկերոջ՝ Քայս Սաիտին իր կողքին՝ նկատի ունենալով այս տարուայ սկզբին կայացած խաղաղութեան հանդիպումը: «Մենք չենք հանդուրժեր այն դերը, որ Թուրքիան կը կատարէ Լիպիայի մէջ», – ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մակրոն:

Թուրքիոյ անզիջողականութիւնը Էգեեան ծովի մէջ.

Յուլիս 27-ին besacenter.org կայքի մէջ «Որքա՞ն կը տեւէ Էգեեան ծովի խաղաղ ամառը» վերնագրով յօդուածի մը մէջ, Պուրակ Պեքտիլ գրած է. «Որքանո՞վ կայուն կ’ըլլայ 2021 թուականի Էգեեան ծովի խաղաղ ամառը: Ռեջեփ Թայիփ Էրտողանի համար Էգեեան ծովի մէջ խաղաղութեան հիմնական պատճառը եղած է Թուրքիոյ շարունակական տնտեսական անկման ֆոնին Արեւմուտքի յետագայ պատժամիջոցներու սպառնալիքը: Բայց անոր նախընտրական արշաւը 2023 թուականի մրցավազքի համար կրնայ զինք ետ մղել դէպի ահաբեկչական, ագրեսիւ էութիւնը՝ պահպանողական եւ ազգայնական ձայները համախմբելու տարածաշրջանային քաղաքականութեան առումով»:

2020 -ին, Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախրար Հուլուսի Աքար սադրիչ կերպով «խորհուրդ տուաւ» Յունաստանին լռել «որպէսզի չդառնայ «մեզէ» [խորտիկ] ուրիշներու շահերու համար»:

Այդքան լարուածութիւնը երկու աւանդական հակառակորդներու միջեւ, որոնք 20-րդ դարու մէջ չորս պատերազմ մղած են, բաւական էր տագնապի ենթարկել տարածաշրջանը, Եւրոպական Միութիւնը եւ ԱՄՆ-ը: ԵՄ-ն սպառնաց պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ, իսկ Սեպտեմբերին Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ մասամբ կը հանէ 33-ամեայ զէնքի առաքման արգելքը (յունական) Կիպրոսի վրայէն, քայլ մը, որ անհանգստաթիւն պատճառեց Թուրքիոյ:

Թուրքիոյ ռուսական S-400 ճգնաժամը.

Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներ սահմանած է Թուրքիոյ դէմ 2020 թուականին՝ ռուսական հրթիռային համալիրը ձեռք բերելու պատճառով: S-400 համակարգը վտանգ կը ներկայացնէ ՆԱՏՕ-ի դաշինքի համար, ինչպէս նաեւ F-35- ը՝ Ամերիկայի ամենաթանկ սպառազինութեան յարթակը: F-35 ծրագիրէն Թուրքիոյ հեռացումը շարժիչի գնի բարձրացման պատճառ դարձաւ: F-35 կործանիչներու շարժիչի արժեքը կþաւելնայ 3 տոկոսով՝ 2019 թուականին Թուրքիոյ ծրագիրէն հեռացման պատճառով, Ապրիլին յայտարարած է Pratt & Whitney-ի ռազմական շարժիչներու բաժնի պետը:

Թուրքիա/Ատրպէյճան ԴԱԻՇ-ին ֆինանսաւորման միջազգային ահաբեկչութիւնը շարք մը թեժ կէտերու մէջ, ինչպիսիք են Լիպիան, Սուրիան, Իրաքը, Արցախի հայկական Հանրապետութիւնը.

Էրտողան եւ շարք մը զինակիցներ կը մեղադրուին ըլլալ ՏԱԻՇ-ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ/«Ալ-Քաիտա»-ի գլխաւոր աջակիցներէն  մէկը եւ շարք մը ռազմական հանցագործութիւններու կողմնակիցը, որոնք իրականացուցած են անոր թուրք, ատրպէյճանցի եւ ահաբեկչական մեղսակիցները 44-օրեայ թուրք-ատրպէյճանա-ՏԱԻՇ-ԱՅՍԻՍ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ահաբեկիչներու կողմէ իրականացուած յարձակման ընթացքին, Արցախի հայութեան դէմ, 2020-ի Աշնան:

Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի խոր մտահոգութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի, Հարաւային Կովկասի եւ Կենտրոնական Ասիոյ մէջ նեո-օսմանեան կայսերական հաւակնութիւններու վերաբերեալ.

2020 թուականին Էրտողանի Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան նախկին պատգամաւոր Մեթին Կուլունքը հրապարակեց «Մեծ Թուրքիոյ» քարտեզը, որ ցոյց կուտայ Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Կիպրոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, Վրաստանի եւ Հայաստանի տարածքները ներառելու Թուրքիոյ ծաւալապաշտական հաւակնութիւններու չափը: Այս հաւակնութիւնները կը տարածուին մինչեւ Կենտրոնական Ասիոյ պետութիւններ:

Ժողովրդավարութեան երազը մեռած է Թուրքիոյ մէջ.
«Յեղաշրջման փորձէն հինգ տարի ետք (2016 թ.), Ժողովրդավարութեան երազը Թուրքիոյ մէջ մեռած է», վերջերս գրեց Սայմըն Ա. Վալդմանը Լոնտոնի արքայական համալսարանի հրաւիրեալ դասախօս և գիտաշխատող եւ «Նոր Թուրքիան ու անոր դժգոհութիւնները» գիրքի համահեղինակ:

ԱՄՆ/ԵՄ-Իրան յարաբերութիւններու բարելաւումը կրնայ մեկուսացնել Թուրքիան/Ատրպէյճանը եւ բարիքի աղբիւր դառնալ Հայաստանին եւ Վրաստանին.
www.spglobal.com- ը Յունիսին հաղորդեց. Ապրիլի սկզբին սկսուած բանակցութիւնները աւելի երկար կը տեւեն, քան կը կանխատեսէին որոշ վերլուծաբաններ: Սակայն շատերը դեռ կþակնկալեն, որ համաձայնութիւն մը կը կայանայ յառաջիկայ ամիսներուն:

S&P Global Platts Analytics-ը կ’ակնկալէ, որ «ԱՄՆ-ը կը վերացնէ Իրանի նաւթի, նաւթաքիմիական, նաւային փոխադրութեան եւ այլ ոլորտներու վերաբերեալ պատժամիջոցները մինչեւ Սեպտեմբեր, այդպէսով թոյլ տալով երկրին մինչեւ Դեկտեմբեր հումքի եւ խտանիւթի արտահանումը հասցնել 1.5 մլն.ի» Իրան կը նախատեսէ իր նաւթագազային արտադրանքը եւրոպական շուկաներ արտահանել Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջէն անցնող տնտեսական մայրուղով՝ դուրս թողնելով ե՛ւ Թուրքիան ե՛ւ Ատրպէյճանը:

Սինան Ուլկեն վերջերս CarnegieEurope.eu կայքէջի մէջ գրեց. «Ներկայ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները խոր ճգնաժամի մէջ են: ԱՄՆ Նախագահի հանդիպումը Պայտընը եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը… բարձրացուց ակնկալիքները, որ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները կրնան նորէն հունի մէջ կը դրուին: Եւ այնուամենայնիւ, ներկայ ճգնաժամէն վերականգնումն անորոշ է, քանի որ նախկինի մէջ յարաբերութիւնները ձեւաւորող հիմքի մէջ ինկած գործօնները փոխուած են»: Ուլգեն Պրիւքսելի Carnegie Europe-ի այցելող գիտնական է, ուր անոր հետազօտութիւնները կը կենտրոնանան Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան, միջուկային քաղաքականութեան, համացանցային քաղաքականութեան եւ անդրատլանտեան յարաբերու-թիւններու վրայ:

Ուլկեն նշեց, որ «Թուրքիա-ԱՄՆ. յարաբերութիւնները շատոնց կը սահմանուին որպէս ռազմավարական դաշինք, որ կը պահպանուի ՆԱՏՕ-ի կողմէ: Այսօր այս սահմանումը հնացած է եւ չի ներկայացներ այս յարաբերութիւններու նոր իրականութիւնը»՝ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ աճող անհամաձայնութիւններու ֆոնին:

2002 -ին Էրտողան հարեւաններու հետ ներկայացուց Թուրքիոյ՝ «զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» արտաքին քաղաքականութիւնը: Բայց ինչպէս անոր բազմաթիւ տնտեսական եւ քաղաքական ձախողութիւնները, Անգարան «զերօ խնդիրներէ» անցաւ զերօ ընկերներու՝ ամենուր կորսնցնելով իր լծակները:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *