Ռիոյի Ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան Արթուր Ալեք-սանեան (97 քկ) արծաթէ մետալ նուաճեց Թոքիոյի մէջ ընթացող 32-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ԿԳՄՄ նա-խարարութենէն։
Վճռորոշ գօտեմարտի ժամանակ Արթուր Ալեքսանեան զիջեցաւ Ռու-սիոյ ողիմպիական կոմիտէի հաւաքականէն Մուսա Եւլոեւին՝ 1:5 հաշուով:
Ալեքսանեանը պայքարը սկսած էր 1/8 եզրափակիչէն: Մեկնարկային գօտեմարտին ան 4:1 հաշուով յաղթած էր Ուզուր Ճուզուպբեկովին (Ղըրղըզիստան), ապա 5:1 հաշուով առաւելութեան հասած էր ֆին Արուի Սաւոլայնենի նկատմամբ, իսկ կիսաեզրափակիչին պարտութեան մատնած էր Սարաւի Մոհամատհատիին (Իրան)՝ 4:1: Այդ գօտեմարտին Ալեքսանեան ստացած էր ազդրի մկանային վնասուածք:
Ասիկա #Թոքիօ2020-ին Հայաստանի նուաճած երկրորդ մետալն է. Օգոստոս 2-ին պրոնզէ մետալակիր դարձած էր մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան: Բացի այդ՝ բռնցքամարտիկ Յովհաննէս Պաչքովը (63 քկ) հասած է կիսաեզրափակիչ՝ այդպիսով ապահովելով առնուազն պրոնզէ մետալ։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *