Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով Նիկոլ Փաշինեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ: Հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:
«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 1-ին մասըՆիկոլ Փաշինեանին նշանակել վարչապետ», ըսուած է հրամանագիրին մէջ: Վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Ազգային ժողովի իշխող մեծամասնութիւն ունեցող «Քաղաքացիական պայմա-նագիր» խմբակցութիւնը: Աւելի ուշ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշին-եանը Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին կը տեղեկացնէ Քրեմլինի լրատուական ծառայութիւնը: Շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:


Այլ Նշանակումներ

Սուրէն ՊապիկեանՓոխվարչապետ, Արշակ Կարապետեան Պաշտպա-նութեան Նախարար,
Լիլիթ ՄակունցՄիացեալ Նահանգներու Մէջ Հայաստանի Դեսպան Հայաստանի Հանրապե-տութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Սուրէն Պապիկեանը Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, Արշակ Կարապետեանը պաշտպանութեան նախարար, իսկ Լիլիթ Մակունցը Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին: Հրամանագիրները հրապարակուած են Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ: Ալեն Սիմոնեանը Ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ Ութերորդ գումարման Ազգային ժողովը երկրորդ անգամ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած Ալեն Սիմոնեանը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի քուէարկութեան արդիւնքները ներկայացուց հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը: Քուէարկութեան մասնակցած էր 71 պատգամաւոր: Ալեն Սիմոնեանը ստացած է 71 ձայն:
Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները չեն մասնակցած քուէարկութեան:
«Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Մխիթար Զաքարեան եւ «Պատիւ ունեմ»-ի թեկնածու Արթուր Սարգսեան քուէներ չեն ստացած:
Նիստը նախագահող Կնեազ Հասանովը յայտարարեց, որ այսպիսով Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է Ալեն Սիմոնեանը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *