ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
2021-ի Յուլիսի 30-ին, Արեւմտեան Թեմը շարունակեց վատնել ծխականներու նւիրատւութիւնները անյոյս դատական ծախսերու վրայվերադաս դատարանի դատաւոր Համըքի վճիռը բեկանելու յոյսով (գործ թիւ 18STCVO2144), որտեղ դատաւորը ստախօսութեան վրայ բռնած էր Արեւմտեան Թեմի հովիւ Մանուկ Մարգարեանին եւ նովին գործով՝ արք Յովնան Տէրտէրեանին երբ վերջինս փորձեց ապատեղեկատւութիւն կատարել ամերիկեան դատարանին մէջ: Թեմի փաստաբանուհին տիկին Նատիա Սարգիսն էր։ 2019 -ի սկզբին դատաւորը ուղղակիօրէն հարցուց հովիւի որդի եւ Արեւմտեան Թեմի գործադիր տնօրէն Յարութ Մարգարեանին
«Ի՞նչ կը կատարուի եթէ հովիւ մը ստախօսութեան հանցանքի վրայ բռնուի»: Իր խօսքերով՝ հովիւի որդին Յարութ Մարգարեան պատասխանեց. «Անոր անմիջապէս կը պաշտօնազրկենք եւ կարգազուրկ կþընենք»: Սա այն հարցումներէն մէկն էր, որ դատաւոր Համըքն իր վճիռը կայացուց ընդդէմ Արեւմտեան Թեմի: Դատաւոր Համըքի յայտարարութիւնը՝ «անկեղծ ըսած, ես ամենեւին չեմ հաւատար հովիւ Մարգարեանին, եւ հովիւ Մանուկը պարզապէս կը պահպանէ ինքզինք եւ իր հետոյքը»: Այսպիսով, 2019 Ապրիլի 2-ին դատավճիռը կայացուց յօգուտ երկարամեայ բարերար Տօքթ. Պետրոս Տաղլեանին եւ հրահանգեց Արեւմտեան Թեմին/Սբ. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Խորհուրդին վճարելու է առաջացած բոլոր փաստաբանական ական բոլոր ծախսերը:
«Մտահոգիչ է, թէ ինչպէս փորձառու իրաւաբան մը կը ստանցնէ այս գործը՝ նախորդ դատաւորին որոշումը բեկանելու համար, երբ նախորդ դատաւորն ինքը ստերու ականատես էր: Ինչու՞ վերատեսող դատարանի երեք բարձր դատաւորները պիտի հակառակէին այն, ինչի ականատեսն ու ճիշտ վճիռը կայացնող վերադաս դատարանի դատաւորը» նշեց Արեւմտեան Թեմի երկարամեայ ծխական անդամ մը:
«2019 -ին, այս դատական գործը խայտառակութիւն էր Արեւմտեան Թեմի համար: Այսօր ալ՝ 2021-ին ան ցոյց կուտայ ծխականներու հոգեւոր կարիքներու անտեսում եւ անընդհատ մսխում եւ չարաշահում: Գացէք Արեւմտեան Թեմի որեւէ եկեղեցի եւ կը նկատէք, թէ որքան դատարկուած է Հայ Եկեղեցին: Ինծի կը թուի, թէ Արեւմտեան Թեմը թարմ օդի կարիք ունի: Սկսելու լաւ մեկնակէտը կþըլլայ նոր արքեպիսկոպոս/առաջնորդ ունենալն է»- մատնանշեց մէկ այլ ծխական մը:
Մի քանի այլ ընթերցողներ եւ/կամ համայնքի անդամներ դիմեցին USA Armenian Life շաբաթաթերթի, armenianlife.com- ի, USA Armenian Life ֆեյսբուքեան էջի, USA Armenian Life E-blast- ի եւ հայալեզու ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի խմբագրութեանմի քանի հարցումներ տալով կամ զանազան մեկնաբանութիւններ կատարելով: Ստորեւ կը ներկայացուին շարք մը հարցումներ կամ մեկնաբանութիւն-ներ, որոնք կրնան արտացոլել տիրող հասարակական կարծիքը: Արտա Մ. -ն USA Armenian Life- ին ըսաւ. «Նոր յաճախորդ մը կամ դատական գործ մը ստանձնելէ առաջ, փաստաբանուհի տիկին Նատիա Սարգիսի փաստաբանական գրասենեակը արդէօ՞ք կը քննէ յաճախորդներու ճշմարտացիութիւնը, որոնք կը փափաքին ապահովել իր ծառայութիւնները՝ որպէս անոնց իրաւաբանական խորհրդատու՝ իրենց գործը դատական կարգով լուծելու համար»: Մարկարիթ Կ. Մ. Հարցուց. «Այն ժամանակ, երբ Տիկ. Սարգիսի օրինական ներկայացուցչութիւնը հայցուեցաւ արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ անոր գործընկեր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի խօսնակ/Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մանուկ Մարգարեանի կողմէ, արդէօ՞ք տիկին Սարգիս տեղեակ էր, որ իր պաշտպանեալներն ԱՄՆ-ի դատարանի մէջ արդեն իսկ ճանչցուած էին որպէս «ստախօսներե եւ վատ համաբւի տէրեր»: Լիլի Ս. -ն մէկ այլ հարց տուաւ. «Արդէօ՞ք փաստաբան Նատիա Սարգիս տեղեակ չէր, որ իր հաճախորդների մօտ առկայ է վստահութեան բացակայութեան լուրջ խնդիր, քանի որ նրանք նոյն գործի վերաբերեալ վճռի մէջ «ընդհանրապէս արժանահաւատ» չեն համարւել ամերիկացի դատաւորի կողմից: [B298437 (Համախմբուած B302536- ի հետ); (Լոս Անճելոսի շրջանային գերագոյն դատարան Գործ Թիւ 18 STCV02144]»: Չարլզ Բ. Հարցուց. «Ինչպէ՞ս տիկին Նատիա Սարգիս կրնայ արդացնել ամերիկահայ քննադատներուն Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ երբ արք. Յովնան Տէտէրեան, հովիւ Մանուկ Մարգարեան եւ հովիւի որդին՝ Արեւմտեան Թեմի գործադիր տնօրէն Յարութ Մարգարեան
իրենց սուտերու եւ խաբեբայ մեթոտներու միջոցով անխոհեմ կերպով կը խարխլեն Հայ Եկեղեցին եւ ամօթանք կը պատճառեն անոր»:
Ալիս Ք. -ն ըսաւ, որ իրեն հիասթափեցուցած է «ամերիկահայ համայնքի մէջ եւ Ամերիկայի աւելի լայն հասարակութեան մեջ հայ եկեղեցւոյ խայտառակութիւնը, որ առաջացած է արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ անոր զինակից Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ագահութենէն»:
Արթուր Բ. -ն հարցուց. «Որպէս երկարամեայ փաստաբան, իրաւական խորհրդատու Նատիա Սարգիս ուշադիր կերպով չէ՞ ուսումնասիրած եւ պարզած, որ արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ հովիւ Մանուկ Մարգարեանի բողոքարկումը անհիմն է եւ որեւէ արժանիք չունի»:
Հերմինէ Ճ. խորունկ մտահոգութիւն յայտնեց. «Նախքան իրաւական հիմքեր չունեցող գործը ստանձնելը, աւելի մեծ վնաս պատճառելով հայ եկեղեցւոյ որ արդեն ծանրօրէն վնասուած է Գարեգին Բ-ի, Մոսկուայի Եզրասի եւ արք. Տէրտէրեանի ու աշխարհի այլ Թեմերու կլանակիցներու կողմէ, չէ՞ խորհրդակցած բանիմաց այլ իրաւագէտներու հետ, որոնք նաեւ Արեւմտեան Թեմի համակիրներ են: Տեղեա՞կ չէր Տիկ Նատիա Սարգիս, որ Արեւմտեան Թեմի անդամ բազմաթիւ իրաւաբան փորձագէտներ կտրականապէս մերժած են այս գործը ստանձնել եւ բազմիցս դէմ արտայայտուած են նման իրաւական գործողութիւններու իրականացման, որոնք բացի ապարդիւն ըլլալէ որեւէ նշանակութիւն չեն ունեցած: Թէ՝ Տիկին Սարգիս եւս մէկ զոհ մըն է, արք. Տէրտէրեանի, հովիւ Մարգարեանի եւ իր որդի՝ Յարութ Մարգարեանի ստախօսութեան: Ի դէպ, Արեւմտեան Թեմի բազմաթիւ անդամներ կոչ ըրած են նորէն կարգազուրկ ընել արք. Տէրտէրեանին եւ հովիւ Մարգարյանին, որոնք նախկին ժամանակներուն կարգազրկուած էին – արք. Տէրտէրեան՝ 1975ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ի Լիբանան, Մարգարյան՝ 1990-ականներուն ի Սուրբ Էջմիածին, ձեռամբ՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա-ի»:
Հրաւէր Տիկին Սարգիսին. Որպէս USA Armenian Life TV-ի հեռուստահաղորդավար եւ USA Armenian Life եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ լրատուական կազմակերպութեան գլխաւոր խմբագիր, ամերիկահայ համայնքի անդամներու օգտին թափանցիկութիւնը պահպանելու համար ես կը ցանկայի Տիկին Նատիա Սարգիսին հրաւիրել USA Armenian Life հեռուստայայտագրի ուղիղ եթերի մէջանոր տրամադրելու համար արդար հնարաւորութիւն
անձամբ դիմելու USA Armenian Life TV-ի հեռուստադիտողներին եւ USA Armenian Life/ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի, armenianlife.com-ի, USA Armenian Life Facebook-ի, USA Armenian Life լայնածաւալ սփռում ունեցող Էլեկտրոնային տարբերակի ընթերցողներու ներկայացնելու իր յաճախորդներուն տեսակէտը:
Սպասեցէ՛ք եւ մնացեք մեր հետ: