7 օգոստոսինժամը 11:40-էն 12:00 ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները անգամ մը եւս դիմեցին սադրանքի
տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայ-ազրպէյճանական սահմանի Սիւնիքի մարզի, մասնաւորապէս` Սեւ լիճի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հայ սահմանապահներուն պատասխան գործողութիւններուն լոյսին տակ հակառակորդին կրակոցները լռեցին: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան:
