Ժողովուրդի մը Պատմութիւնը կրնայ ունենալ մէկէ աելի տարբերակներ.
1 – Պետական – պաշտօնական,
2 – Ժողովրդական,
3 – Աւանդավիպական, կամ՝
4 – Գիտական – ակադեմական։
Առաջին տարբերակը կը գրեն երկրի մը տիրող դասակարգի պետութեան էսթապլիշմէնթի պաշտօնեաները։
Երկրորդ տարբերակը կը գրեն նոյն երկրի տիրապետուած մեծամասնութեան շահերուն պաշտպան, յանձնառու եւ յեղափոխական, յառաջապահ մտաւորականները։ Ինչպէս օրինակ՝ Howard Zinn, որ գրեց “The Popular History of the U.S.A.” մեծկակ հատորը։
Երրորդ տարբերակը կը գրեն ժողովուրդներու պատմահայրերը՝ իրենց ժողովուրդին տալու համար վեհ աւանդավէպ մը, որ գիտական չի կրնար ըլլալ, այլ՝ հարկադրաբար շինծու եւ բարոյախօսական։ Ինչպէս օրինակ՝ Նոյ Նահապետի, Ջրհեղեղի եւ Նոյեան Տապանի եւ անոր Սեմ, Քամ եւ Յաբէթ որդիներու առասպելը, որուն հետեւողութեամբ կը գրուին նաեւ անպատասխանատու անհատներու ազատական առասպելները…։
Իսկ չորրորդ տարբերակը կը գրեն պատմութեան ակադեմականներու խումբեր՝ ճշգրիտ ու գիտական, առարկայական (կարելի առաւելագոյն չափով), իրենց ապրած դարաշրջանի ընդհանուր հոգեմտաւոր մշակոյթի ազդեցութեան տակ։ Սակայն, ազատական աւանդավիպագրութիւնը անպայմանօրէն չի համապատասխաներ իր ապրած դարաշրջանի հոգեմտաւոր մշակոյթին։ Եւ հետեւաբար՝ չունենար ասոր գիտականութեան չափը…։ (Այսպիսին է Ազատեանական, ոչ՝ դաշնակցական աւանդավիպագրութիւնը)։
Այս բացատրական ներածականը անհրաժեշտ դարձաւ, երբ ներկայ գրութիւնը պիտի անդրադառնար «Պայքար» շաբաթաթերթի 27 Յունիս 2021 թուակիր համարին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին՝ Երուանդ Ազատեանի հետ։
Այս հարցազրոյցին իբր վերնագիր մէջբերուած է Ազատեանի հետեւեալ դիտարկումը. «Քաղաքական իրավիճակը բաւականին մտահոգիչ է, եւ տպաւորութիւն ունիմ որ Պատմութիւնը կրնայ ինքզինք կրկնել»։
Այս դիտարկումը եզրակացութիւնն է հարցազրոյցի առաջին հարցումի պատասխանին, որուն վերջին հատուածը հետեւեալն է. «Ես միշտ ետ կ՚երթամ պատմական մեր հանգրուաններուն, թէ ինչպէս մեր պետականութիւնը կորսնցուցինք. ինչպէս Կիլիկիոյ թագաւորութեան շրջանին մեր իշխանները անհամերաշխ եղան ու մեմլուքները եկան ու մեր երկիրը առին։ Նաեւ՝ Առաջին Հանրապետութեան շրջանին դաշնակցականներն ու պոլշեւիկները իրար բզկտեցին եւ մեր երկրի ինքնիշխանութիւնը ձեռքէ գնաց։ Հիմա կը տեսնեմ, որ ճիշդ այդպիսի մթնոլորտի մէջ ենք. պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, բայց ժողովուրդը կ՚երեւի պատմական յիշողութիւն չունի որ զգաստանայ ու անդրադառնայ, որ մենք նոյն վտանգին առջեւ ենք այսօր»։
Կիլիկեան Թագաւորութեան եւ Առաջին Հանրապետութեան միջեւ այս արտաժամանակատարածական զուգահեռը՝ բնազանցական, արտապատմական մտածելակերպի մոլորանքն է, որ բնաւ կապ չունի գիտական պատմագրութեան հետ։ Գիտական մտածելակերպը (դիալեկտիկականը) կ՚ըսէ, թէ պատմական զարգացումը պարուրաձեւ է, որ կը բարձրանայ եւ յաջորդող հանգրուանին միեւնոյն կէտէն չանցնիր։ Այսինքն. Պատմութիւնը բնաւ ինքզինք չի կրկներ, քանի որ իւրաքանչիւր հանգրուանային դարաշրջան ունի իրեն յատուկ հոգեմտաւոր մշակոյթը, որ տարբեր է զինք նախորդող եւ իրեն յաջորդող դարաշրջաններու մշակոյթէն։ (Բնազանցական մտածելակերպը մակերեսային է. արտաքին նմանութիւնները բովանդակային նմանութիւն կը կարծէ։ Դիալեկտիկական մտածելակերպը չի գոհանար արտաքինով, կը փնտռէ ու կը տեսնէ բովանդակութիւնը՝ մէկ երեւցող գոյին, որ ընդհանրապէս երկու իրարմէ տարբեր բովանդակութիւններ կ՚ունենայ, որոնք կը հակասեն զիրար եւ կը պայքարին իրարու դէմ՝ մնալով հանդերձ մէկ գոյի արտաքին ծածկոյթին մէջ, որ կը կոչուի ՄԷԿ-ի առասպելը)։
Կիլիկեան Թագաւորութեան դարաշրջանի աւատատիրական հասա-րակարգին յատուկ հակադրութիւնն ու պայքարը մասնատուած ու իրարմէ տրոհուած աւատներու միջեւ էր. աւատատէր իշխաններուն միջեւ։ Անոնց միջեւ համերաշխութիւնը անկարելի էր (Նիքոլօ Մաքիավելլի, իր «Իշխանը» – “The Prince” – երկին մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ աւատատէր իշխաններու դաւերը իրարու դէմ)։ Իսկ Առաջին Հանրապետութեան բնորոշ դարաշրջանի բնորոշ գիծը դրամատիրական ու սոցիալիստական հասարակարգերու միջեւ ընթացող կռիւն էր, որ նոյնպէս բնական ու օրինաչափ կը դարձնէր դաշնակ-ցականներու եւ պոլշեւիկներու միջեւ պայքարն ու հակընդդիմութիւնը, որ տարակարծութիւն չէր, որպէսզի համերաշխ ըլլային։ Այլ՝ համակարգային հակընդդիմութիւն, որ անկարելի կը դարձնէր անոնց միջեւ համակեցութիւնը, քանի որ իրարու դէմ գոյութենական հակառակորդներ էին (ֆրանսերէն եզրով՝ անթակոնիստներ) եւ ոչ թէ միեւնոյն համակարգէն մրցակիցներ։ Դաշնակները, Բ. Միջազգայնական (այսինքն՝ «բարի դրամատիրական» կամ սոցիալ-դեմոկրատական) եւ Արեւմտաթրքական արեւելումով, իսկ պոլշեւիկները՝ Գ. Միջազգայնական (կամ՝ կոմունիստական միջազգայնական) ռուսական արեւելումով։
Իսկ Արեւելահայաստանի ներկայի հակընդդիմութեան (որ նոյնպէս շատ բնականոն է) առանցքը կը հանդիսանայ երկու բեւեռներու միջեւ կռիւը։ Որո՞նք են այդ երկու բեւեռները։ Մէկը՝ Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիական, ապազգային (վայրի դրամատիրական) համակարգն է, իր Արեւմտաթրքական արեւելումով, զոր Փաշինեանի «թաւշեայ» յեղաշրջումը չկրցաւ ու չէր ալ կրնար արմատախիլ ընել երկրէն։ Իսկ միւս բեւեռը՝ հին համակարգին բոլոր հակառակորդ ուժերու բեւեռը, որոնք արդէն պատրաստ էին յեղափոխութեան անոր դէմ, զոր չկարողացաւ իրականացնել Փաշինեանի գլխաւորած «թաւշեայ» շարժումը, եւ որոնք կը ցանկան փոխել ապազգային համակարգը՝ ժողովրդահայրենասիրական համակարգի մը, որուն արեւելումը ռուսական է…։ Առաջին բեւեռը ձախողեցաւ վերջին ընտրութիւններուն՝ ձայներու միայն 20 տոկոսը ստանալով։ Իսկ երկրորդ բեւեռը յաջողեցաւ ստանալ ձայներու 54 տոկոսը։ Օլիգարխիական Քոչարեան-ՀՅԴ դաշինքը փորձեց ընտրութիւններուն վերագրել խախտումներ՝ ընտրողներու ազատութեան վերաբերեալ։ Բայց, ԱՄՆ-ը, Գանատան եւ Եւրոպական Միութիւնն անգամ հաստատեցին ընտրութեան ազատութիւնը, եւ աւելին՝ կոչ ըրին բոլոր ուժերուն միանալ ու փրկել երկիրը։ Ուրեմն. օլիգարխիկ համակարգը պարտուեցաւ։
Այս է պատմական իրականութիւնը, եւ ապագան կը պատկանի 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ին կնքուած զինադադարով կազմաւորուիլ սկսած նոր համակարգին, որուն արեւելումը ռուսական է, որ միակ փրկարար արեւելումն է Հայաստանի եւ Արցախի համար։ Որովհետեւ՝ Ռուսաստանի եւ Հայաստան-Արցախի գոյութենական շահերը կը համընկնին իրարու հետ, ինչպէս հաստատած է նաեւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանն անգամ, որ ամերիկահպատակ է՝ Ազատեանի նման։
1 – Ազատեան քաջատեղեակ է, որ 1918 թ. Մայիսին Առաջին Հանրապետութեան «անկախութիւնը» Թուրքիան պարտադրեց, որ յետոյ պարտադրէ Պաթումի ստրկական «խաղաղութեան» դաշնագիրը, որ տեւեց հազիւ երկուքուկէս տարի, քանի որ լիարիւն, իրական անկախութիւն չէր, այլ՝ թշնամիին կողմէ պարտադրուած։ Ուրեմն. ինքնիշխանութիւն չէր արդէն, եւ նոյնինքն Սիմոն Վրացեան խոստովանած է. «Հիւանդ զաւակ բերած մօր նման հռչակեցինք անկախութիւնը»։ 1920 թ. Սեպտեմբերին, նոյն թշնամին յարձակեցաւ եւ հասաւ ու գրաւեց Ալեքսանդրապոլը եւ սկսաւ տեղւոյն հայերը ջարդել։
2 – Ազատեանին հարց կու տանք. 1920 թ. Նոյեմբեր 29-ին այդ Ա. Հանրապետութիւնը թրքական գրաւումէն փրկող Կարմիր Բանակի 11-րդ զօրաբաժինը, որ Հայաստան մտաւ Դիլիջանէն եւ հռչակեց Սովետական Հայաստան, որ տեւեց 70 տարի եւ կերտեց Հայոց Պատմութեան Ա. ՆԵՐԳԱՂԹԸ եւ Բ. ՈՍԿԵԴԱՐԸ… այդ զօրաբաժինը «նոր մեմլուքեա՞ն» էր։
3 – Նաեւ՝ հարց կու տանք. հիմա որ Փաշինեանի դաշինքը յաղթեց (այսինքն՝ օլիգարխիական բեւեռը պարտուեցաւ), Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը դարձեա՞լ ձեռքէ պիտի երթայ, եւ ովքե՞ր պիտի ըլլան այդ ինքնիշխանութիւնը ձեռք առնող «նորագոյն մեմլուքները»… Փութինի Ռուսաստանի զօրքե՞րը, որոնք 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ին կասեցուցին թուրք-ազերի-ՕԹԱՆ-եան յաղթական յառաջխաղացքը Արցախի վրայ՝ անգամ մը եւս Հայաստանը փրկելով թրքական արշաւանքէն։ Եթէ Ռուսաստան չկասեցներ թուրք-ազերի-ՕԹԱՆ-եան արշաւանքը, ի՞նչ պիտի պատահէր…։ Եւ տակաւին. Լաւրով ցաւ յայտնեց որ կասեցումը ուշացաւ, «քանի որ կողմերը աւելի կանուխ չանսացին մեր պահանջին։ Մենք չէինք կրնար ստիպել, այլ՝ միայն համոզել։ Ուշ համոզուեցան»։
4 – Հարց կու տանք նաեւ, թէ իր կարծիքով՝ ի՞նչու Արցախ 1994-ին յաղթեց, բայց Գ. Հանրապետութեան 30-ամեակին (2020 թ.) պարտուեցաւ։ Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիական վայրի դրամատիրական համակարգը պատասխանատու չէ՞ այս խայտառակ արդիւնքին։
Ազատեան կանխաւ պատասխանած է այս շատ լուրջ հարցումին։ Ան, առանց այլայլելու, առանց կար-կամելու, վարանելու կամ զղջալու… պաշտպանութիւնը կ՚ընէ Գ. օլիգարխիկ հանրապետութեան ազգաքանդ համա-կարգին, ձրիօրէն անոր շնորհելով՝ 30 տարի երկիրը պաշտպանած ու պահպ-անած ըլլալու դափնեպսակը, մոռա-ցութեան տալով այն իրողական փաստը, որ այդ 30 տարիներուն, Հայաստանի արեւմտեան սահմանին վրայ, Թուրքիոյ դէմ Հայաստանը կը պաշտպանէր հոն հաստատուած ռուսական ռազմախարիսխը… եւ գոյութիւն ունէր Հայաստանի եւ Ռուսաս-տանի միջեւ զինակցական դաշինք, որուն միայն հաշիւը չէր կրնար ընել ո՛չ Թուրքիան եւ ոչ ալ այլ երկիր։ Իսկ Արցախի հանրապետութիւնը նման դաշինք չունէր, եւ ճանչցուած չէր նոյնիսկ Հայաստանի կողմէ՝ մինչեւ այսօր։ Ազատեան կը գրէ. «Ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի կողմնակիցներէն շրջանառութեան դրուած տեսակէտ-ներուն, որ այս պատերազմը 30 տարիէ ի վեր կը պատրաստուէր եւ պատահեցաւ Փաշինեանի օրով, ապա այդ տեսակէտը ճիշդ չէ։ Այդ մարդիկ (երեք ազգաքանդ, լուսամարիչ եւ յուսամարիչ միլիառատէր նախագահները) եթէ նոյնիսկ մեծ սխալներ գործեցին, կամ բացթողումներ ունեցան, կամ սխալ քաղաքական քայլեր առին, բայց փաստը այն է որ 30 տարի մեծ պատե-րազմ չեղաւ։ Վերջին տարիներուն տարածաշրջանի զարգացումներէն ելլելով, Թուրքիան որոշ գործելաձեւ մը ստեղծած էր իր իշխանութիւնը տարածելու համար, բայց չտեսանք որ ան կը մօտենար մեր սահմաններուն»։
Այս մակերեսային, ապաքաղաքական ու մանկամիտ խօսքերով, եւ քաղաքական սխալ բառապաշարով (Էրտողան նոր «գործելաձե՞ւ» ստեղծած է, թէ՞՝ հին Փանթուրքիզմն է որ կը հետապնդէ…) անկարելի է Գ. Հանրապետութեան երեք օլիգարխ նախագահներուն նոյնիսկ մանկապարտէզի բարենիշ մը տալ։ Անոնք պատճառ եղան 1.5 միլիոն հայերու հայրենաթողութեան, երկրի վերգետնեայ եւ ստորգետնեայ բնական հարստութեանց թալանումին, ազգային ու հայրենասիրական ոգիի մարումին, գլխիվայր շրջելով սովետահայ մարդկայնական եւ հայրենասիրական արժեհամակարգը, եւ երկրին պարտադրելով վայրի դրամատիրութեան արժեհամակարգն ու դրամի պաշտամունքը, որուն (բառին) միայն ի պատիւ կառուցեցին ոսկեգոյն կոթող մը՝ Երեւանի պողոտաներէն մէկուն զառիթափին գլուխը (մեր վերջին Երեւան այցելութեան տեսանք, թէ ԴՐԱՄ-ի արձանին տեղ հաստատուած էր երկաթէ ցողերով կազմուած հսկայ մարմնով մարզիկ մը)։ Այս օլիգարխները գործեցին ոչ թէ «սխալներ», «բացթողումներ» կամ «քաղաքական սխալ քայլեր», այլ՝ Հոկտեմբեր 27-ի պետական նախճիրն ու Մարտ 1-ի ոճիրը։
Առաջին նախագահը ոչ միայն պատրաստ էր զիջելու Արցախի կարգ մը շրջանները, իր «Խաղաղութիւն Թէ Պատերազմ» ուղերձով, այլեւ՝ հրաժարելու Հայ Հողային Դատէն, երբ հետեւելով ամերիկեան իմփերիալիզմի «Մոռնալ Պատմութիւնը» կոչին, ըսաւ. «Պատմութիւնը ֆիկցիա է, գիտական կատեգորիա չէ… Պատմական իրաւունքների հիմամբ հողային պահանջատիրութիւնը իռացիոնալ ռոմանտիկա է»։
Պետական ոճրագործ Բ. Նախագահը, իր թալանած միլիառներով՝ Ափրիկէի մէջ առիւծներով կը զբաղէր, եւ յայտարարեց թէ Հայաստան հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն։
Երրորդ օլիգարխ նախագահը, առանց պայմաններու ստորագրեց Ցիւրիխի անձնատուական փրոթոքոլները եւ գործեց Մարտի 1-ի ոճիրը։
Իսկ երեքը միասնաբար, ամբողջ 26 տարի անհայաբնակ պահեցին Արցախի ազատագրուած շրջանները, քանի որ ոչ միայն պատճառ եղած էին Հայաստանի իսկ հայաթափումին 1.5 միլիոն հայերով (Մեծ Եղեռնի մեր նահատակներուն թիւով), այլեւ՝ ճանաչում չէին տուած Արցախի անկախ հանրապետութեան…։ Ինչո՞ւ…։
«30 տարի մեծ պատերազմ չեղաւ»ը իրողութեան մը հաստատումն է լոկ, որ կը կարօտի քննելու թէ ինչու, ինչ կ՚ընէին հայերը, եւ՝ թուրք ու ազերիները այդ տարիներուն ընթացքին։
Այդ 30 տարիներուն, Ազրպէյճան հետեւողականօրէն ջանքեր կը թափէր սրբելու համար իր պարտութեան ամօթը եւ Արցախէն ազատագրելու իրմէ ազատագրուած շրջանները։ Իսկ հայերը՝ գինովցած էին 1994 թ. Յաղթանակով, բայց չէին աշխատած զօրացնելու Արցախը, ամրապնդելու իրենց գրաւածը։ Ընդհակառակը. ոչ միայն Արցախի ազատագրուած շրջանը իրենց հայրենիքը նկատելով չէին բնակեցուցած զայն, այլ՝ իրենց մայր հայրենիքը եղող Հայաստանն ալ տկարացուցած էին…։
Ազատեան, երբ կ՚ընդունի թէ «այդ մարդիկ… գործած են սխալներ, ունեցած են բացթողումներ եւ առած են քաղաքական սխալ քայլեր», այսքանը արդէն բաւարար չէ՞ որ տկարացուցած ըլլան երկիրը։ Երկիրը տկարացնելո՞վ եւ Արցախը չզօրացնելո՞վ այդ մարդիկ կանխեցին մեծ պատերազմ մը…։
Յետոյ՝ Ազատեան ի՞նչու հարց չէ տուած, որ այդ մարդիկ ի՞նչ ճամբով միլիառատէր դարձած են, երբ ժողովուրդին մեծ զանգուածը աղքատացած էր, եւ 1.5 միլիոն քաղաքացի կ՚արտագաղթէր, եթէ ոչ՝ գողութեան ու թալանի ճամբով, պետական (նախկին սովետական) հարստութեան աժանագին կողոպուտ-սեփականաշնորհումով։
Կ՚երեւի թէ՝ շուրջ վեց տասնամեակ Ամերիկա ապրելով, Ազատեան հաշտուած է այն գաղափարին հետ, որ հարստանալը մարդ անհատին սրբազան իրաւունքն է, եւ՝ գողնալու ազատութիւնը ունի, եթէ խելացի է եւ մարտար…։ ԱՄՆ-ի բոլոր The Pinnacle հասնողները միլիառատէր գողեր են։ Ասոնց շարքին՝ Henry Ford, որ անկեղծօրէն խոստովանած է, թէ՝ իր հարստութեան առաջին մէկ միլիոն տոլարը գողցած է։
Ծանօթ է նաեւ պատմութիւնը ԱՄՆ-ի նախագահներէն մէկուն գոլէճի մէկ դասախօսին, որ ուսանողներու term-paper-ի նիւթ տուած է հետեւեալը. «Ի՞նչպէս դրամատուն մը կողոպտել՝ առանց ձերբակալուելու»։ Գոլէճի Ծնողաց Ժողովը դատարան դիմած է դասախօսին դէմ, զայն մեղադրելով՝ ուսանողներուն դրամատուն կողոպտել սորվեցնելու յանցանքով։ Դատարանին մէջ, դասախօսը կը բացատրէ թէ կրթութեան նպատակը ուսանողը կեանքին նախապատրաստել է, եւ՝ ամերիկեան հասարակարգի կեանքին մէջ յաջող գողերը կը հարստանան։ Ուրեմն, դասախօսը կ՚ուզէր այս կեանքին նախապատրաստել իր սիրելի ուսանողները, որպէսզի հարստանան։ Դատարանը անպարտ արձակած է դասախօսը։
Այլ խօսքով. Ազատեան ընտրած է ունենալու ուղին, ոչ՝ ըլլալու…։
Գերմանահպատակ հրեայ, հակասիոնական մեծահամբաւ հոգե-ախտաբան Փրոֆ. Էրիք Ֆրոմ (Eric Fromm), իր “To HAVE or to BE” երկին մէջ, հոգեվերլուծումը կը կատարէ շատ բան ՈՒՆԵՆԱԼ եւ կատարեալ ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼ ընտրած մարդոց հոգեկան կերտուածքին։ Ան կ՚եզրակացնէ, թէ՝ ունենալը նախընտրողները անհատապաշտներ են, իսկ ըլլալը՝ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՇՏՆԵՐ։
Նազովրեցի Յիսուս, Լերան Քարոզին մէջ ջատագոված է ըլլալը, քան՝ ունենալը, իբր առաքինութիւն։
Սակայն, ամէնէն արտառոց, հակագիտական եւ պատմազանցական ու ինքնուրացման ափսոսալի իրողութիւն այն է, որ Երուանդ Ազատեան (իր նախկին անունով՝ Էտմոն Կոտալազեան – մեր նախկին ընկերն ու գաղափարակիցը), Բ. Հանրապետութեան (այսինքն՝ Սովետ Հայաստանի) 70 տարիներու նուաճումներն ու հայրենաշէն վսեմ իրագործումները (բացի՝ Հայոց Պատմութեան Ա. Հայրենա-դարձէն ու Բ. Ոսկեդարէն) գնահատած է իբր մեր ինքնիշխանութիւնը ձեռքէ հանելու եւ սովետական «մեմլուքներու» զիջելու կամ փոխանցելու իրադար-ձութիւն, որ հետեւանքն է դաշնակ-պոլշեւիկ իրերաբզկտումին։ Մեր ճանչցած Էտմոն Կոտալազեանը ՌԱԿ-ի հաւատարիմ զինուոր մըն էր։ Իսկ ՌԱԿ՝ իր կազմութեան օրէն մինչեւ Սովետ Միութեան ինքնալուծարումը, ոչ միայն Սովետ Հայաստանի, այլեւ՝ Սովետ Միութեան կողքին կանգնած էր։ Ուրեմն. Ազատեանի այս աններելիօրէն ժխտական, արհամարհական, նենգափոխական ու պատմազանցական թերգնահատումը Սովետ Հայաստանի 70-ամեայ փրկարար գոյութեան, ինքնուրացում մըն է՝ Արմենական ակունքով մեծագոյն ռամկավար Վահան Թէքէեանի, որ Սովետ Հայաստանը նկատած է՝ անզղջօրէն, աւելի լաւ քան՝ մեր երազածէն… եւ պահանջած է. «Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնուի ամէն գանձ…»։ Ազատեան մոռցա՞ծ է այս…։ Կ՚երեւի թէ ան այլեւս նոյնիսկ չի կարդար իր խմբագրապետած «Պայքար»ի բոլոր գրութիւնները, եւ իր ուշադրութենէն վրիպած է Սագօ Արեանի հարցազրոյցը ՀԲԸՄ-ի նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանի հետ, երբ այս վերջինը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ այցելած է Արցախի թէ՛ ազատ եւ թէ գրաւեալ շրջանները, որոնք հաւասարապէս կը գտնուին ռուս խաղաղապահ ուժերու վերահսկո-ղութեան տակ…։ Պերճ Սեդրակեան տեսնուած է նաեւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն հետ։ Ան բոլորին յայտնած է թէ Հայաստան եւ Արցախ նեցուկ չստացան Մինսքի Խմբակի համանախագահներէն, բացի՝ Ռուսաստանէն։ Եւ, ՀԲԸՄ-ի նախագահը, որ ՌԱԿ-ի ղեկավարը չէ, յայտարարած է թէ՝ Ռուսաստան պիտի պաշտպանէ Հայաստանը եւ Արցախը, որովհետեւ այս ԵՐԿՈՒՔԻՆ ՇԱՀԵՐԸ ԿԸ ՀԱՄԸՆԿՆԻՆ (Անշուշտ՝ Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ, որ կը սպառնայ թէ՛ Ռուսաստանը թէ՛ Հայաստանը)։
Մինչ ՌԱԿ-ի ղեկավարներէն, Երուանդ Ազատեան, ճիշդ հակառակը գրած է, ըսելով թէ՝ 2021-ին ալ պատմութիւն ինքզինք պիտի կրկնէ վերարտադրելով 1920-ի մթնոլորտը, երբ դաշնակ-պոլշեւիկ իրար բզկտումը յանգեցաւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան զաւթումին՝ Ռուսաստանի ձեռամբ…։
Սակայն, արժէք մը կարենալ ճիշդ գնահատելու համար, անհրաժեշտ է ունենալ այդ արժէքի մակարդակով ոչ միայն պահանջուած ծանօթութիւն, այլեւ՝ այդ մակարդակի հոգեմտաւոր ատակութիւն։
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ, 11 Յուլիս 2021
