Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան խստօրէն հրա-հանգեց կասեցնել Հայաստանի սահմանը հատելուԱզրպէյճանի բոլոր փորձերը:
8 օգոստոսին երրորդ զօրամիաւորման ղեկավար կազմին եւ ենթակայ ստորաբաժանումներուն ներկայացնելով զօրամիաւորման նոր նշանակուած հրամանատար, գնդապետ Ալեքսանտր Ցականեանը
Կարապետեան մասնաւորաբար յայտարարեց. «Հակառակորդը ոչ մէկ ձեւով պէտք չէ նոյնիսկ մտածէ ներթափանցել մեր տարածքը, ասիկա ձեր խնդիրն է: Ատոր համար, հրամանատարը եւ զօրամասի հրամանատարները, ստորաբաժանումներու հրամանատարներըսկսած դիրքի հրամանատարէն, ամէն իրաւունք ունին կիրարկելու բոլոր միջոցները մեր սահմանները պաշտպանելու նպատակով: Միեւնոյն ժամանակ, մենք ոչ մէկ ձեւով եւ ոչ մէկ ուղղութեամբ կ՛ուզենք սրացումներ, բայց եթէ փորձեցին ներթափանցել մեր տարածքը, ես բոլորիդ կը հրամայեմ
կիրարկել բոլոր միջոցները, որպէսզի այդ միտումները յաջողութեան չհասնին»:
Պաշտպանութեան նախարարը բարձր գնահատեց գնդապետ Ցականեանի աւանդը բանակաշինութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ` համոզմունք յայտնելով, որ զօրամիաւորումը, նոր նշանակուած հրամանատարին գլխաւորու-թեամբ, լիարժէք կերպով պիտի կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը:
Նախարարը այցելեց նաեւ զօրամիաւորման ենթակայ զօրամասեր, ծաղիկներ զետեղեց արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած զինուորներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ ստորաբաժանումներու ուսումնական եւ ընկերային-կենցաղային պայմաններուն: Պաշտպանութեան նախարարը յանձնարարեց կարճ ժամանակամիջոցէն ուղղել արձանագրուած բոլոր թերութիւններն ու բացթողումները:
Այցելութեան աւարտին Արշակ Կարապետեան 44-օրեայ պատերազմին մասնակից շարք մը զինուորներ պարգեւատրեց արժէքաւոր նուէրներով:
