Յուլիս 29-ին, «Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի իրա-կանացուցած ծրագրով, Արցախի Մարտունի շրջանի Հերհեր համայնքին մէջ տեղի է ունեցաւ նորակառոյց համայնքապետարանի շէնքի բացումը, ուր կը գործէ նաեւ համայնքի դարմանատունը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Այս առթիւ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Հերհեր համայնքի ղեկավար Արման Ալեքսանեանը տեղեկացուց, թէ նախկին դարմանատան շէնքը կը գտնուէր կիսափուլ վիճակի մէջ եւ այլեւս հնարաւոր չէր որեւէ աշխատանք իրականացնել: «Համայնքապետարանի շէնքը շատ մեծ էր, բայց մենք ստիպուած էինք մեր գործու-նէութիւնը ծաւալելու միայն երկու աշխատասենեակի մէջ եւ մեզի անհրաժեշտ էր ունենալ շէնքային նոր ու բարուոք պայմաններ: Ի հարկէ, անգնահատելի է «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի կատարած աշխատանքը. պատերազմէն ետք, երբ քարը քարի վրայ կը դրուի, ժողովուրդին մէջ մարտական ոգին ալ աւելի կը բարձրանայ»,- աւելցուց ան։
Բնակարանը՝ նախապէս եւ այժմ։
Միւս կողմէն, քսանամեայ Կարէն Գրիգորեանը, որ Արցախեան վերջին պատերազմին վիրաւորուած էր Վարանդայի մէջ, օժտուեցաւ բնակարանով մը։
«Առողջական վիճակիս պատճառով ես չէի կրնար ապրիլ մեր նախկին բնակարանին մէջ:
«Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամին շնորհիւ մեր նոր բնակարանը ապահովուած է բոլոր յարմարութիւններով, որպէսզի կարենամ այստեղ ապրիլ: Անչափ շնորհակալ եմ հիմնադրամին իրենց բարի գործերուն, ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ մեր բոլոր վիրաւոր եղբայրներուն, կարիքաւոր ընտանիքներուն բնակարանով ապահովելու համար»,- յայտնեց Գրիգորեան, որ այս տարի անվճար պայմաններով պիտի շարունակէ իր համալսարանական ուսումը Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանէն ներս։ Իր մասնագիտութիւնն է իրաւաբանութիւն։
Կարէնի հայրն ալ, Սպարտակ Գրիգորեանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց։
