Ռումանիոյ մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութիւնը երեք յաղթանակով սկսած հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան չորրորդ հանգրուանին սեւ քարե-րով արձանագրեց հաւասարութիւն մը` Կիւնայ Մամատզատէի դէմ (Ազրպէյճան):
Աննա Սարգսեան, որ ճերմակ քարե-րով յաղթեց ռուս Անասթասիա Պոնտարուքի, ապահովելով 3,5 կէտ այժմ Դանիէլեանի եւ 7 այլ ուրիշներու հետ կը բաժնէ 2-9-րդ դիրքերը:
4-րդ հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Մարիա Գէորգեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան: Սիրանուշ Ղուկասեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը, մինչ Մարիամ Մկրտչեան պարտութիւն կրեց:
Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին 29 երկիրներէ 117 ճատրակ խաղացողներ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *