Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ֆրանք Փալոն կը ընդգծէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր գործիքները պէտք է օգտագործէ Ազրպէյճանի յարձակումը դադրեցնելու համար:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փալոն այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Անցեալ տարի արցախեան պատերազմի ընթացքին եւ ատկէ ետք Հայաստանի հասցէին մեղա-դրանքներ հնչեցնելը Ալիեւի` հաւատ չներշնչող փաստարկներու վառ օրինակն է:
«Միացեալ Նահանգները պէտք չէ մեղադրեն երկու կողմերը, երբ կը դատապարտեն արիւնահեղութիւնն ու շրջանին մէջ անկայունութիւնը:
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր գործիքները օգտագործէ Ալիեւի յարձակումը դադրեցնելու համար», գրած է Փալոն:
