ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Շուշիի բռնագրաւումէն ետք, Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի Քանդակներու պուրակին մէջ գտնուող ցուցանմուշները հեռացուած են, կ՛ահազանգէ Կովկասեան ժա-ռանգութեան պաշտպանութեան (Caucasus Heritage Watch) կազմակերպութիւնը:
Կազմակերպութիւնը հրապարակած է 10 Ապրիլին եւ 5 Յունիսին առնուած արբանեակային լուսանկարները, որոնցմէ կարելի է հետեւցնել, որ ի տարբերութիւն առաջին պատկերին, երկրորդին մէջ 51 քանդակները «կը բացակային» Շուշիի Կրպարուեստի թանգարանի պուրակէն:
«Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը մտահոգ է թանգարանի սեփականութիւնը հանդիսացող արուեստի այս գործերուն վիճակով: Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ յայտնեն գրաւուած քանդակներուն վայրը», կ՛ըսուի կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *