ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիյօ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեանի հետ, ապա այցելեց Ծիծեռնակաբերդ՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ շրջագայեցաւ թանգարանին մէջ։
Արմէն Գրիգորեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պուսթիյօ հաստատեց, որ Հայաստան եւ Ուրուկուէյ ունին շատ ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ, որոնք ծնած են ոչ-բարենպաստ պայմաններու մէջ, սակայն անոնց ամրապնդման եւ զարգացման յոյսեր կան:
Այս առումով ան յայտարարեց, որ՝ արժեւորելով 30 տարիներու ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւնները, Ուրուկուէյ որոշեց դեսպանատուն բանալ Հայաստանի մէջ: «Անկասկած մեր ճանապարհները տակաւին միասին կը շարունակուին՝ յոյսով, որ կ՛ունենանք ընդհանուր ապագայի տեսլական», ըսաւ ան։
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ուրուկուէյցի նախարարը նաեւ անդրադարձաւ հայ գաղութին եւ իրենց երկրին մէջ անոր ունեցած ներդրումին ու շեշտեց, որ հայաստանցի իր պաշտօնակիցին հետ հաստատեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները խորացնելու եւ բարեկամական խումբերու գործունէութիւնը աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու կարեւորութիւնը:
Ֆրանսիսքօ Պուսթիյօ ըսաւ, որ Ուրուկուէյ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գծով իր անհանգստութիւնը յայտնած է միջազգային հանրութեան եւ նշած, որ պէտք է հակամարտութիւնները լուծուին առանց բռնի ուժի:
Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ Հայաստան մեծապէս կը գնահատէ 2020ի աշնան, Արցախի դէմ ատրպէյճանական-թրքական բռնութեան նկատմամբ Ուրուկուէյի սկզբունքային դիրքորոշումը:
«Ի թիւս այլոց, երկրի օրէնսդիր մարմինը դատապարտել է Ղարաբաղեան հակամարտութիւնում Թուրքիայի կողմից վարձկանների ներգրաւումը եւ Ադրբեջանի կողմից մարդու իրաւունքների խախտման եւ քաղաքացիական ենթակառուց-ուածքների ռմբակոծման դէպքերը: Այս ամէնը հաստատում է, որ չնայած Հա-յաստանը եւ Ուրուգուայը աշխարհագրօրէն հեռու են, սակայն հայերի եւ ուրուգ-ուայցիների միջեւ շարունակաբար ամրապնդուող արժէքային ու աշխարհընկալման կապը հնարաւորութիւն է տալիս յաղթահարելու մեզ բաժանող կիլոմետրերի հեռաւորութիւնը», յայտնեց Գրիգորեան:
Ան նշեց, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ գոյութեան իրաւունքին դէմ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքները տակաւին ամբողջովին չեն յաղթահարուած:
«Հայաստանը եւ Արցախը բախւում են անվտանգային խնդրի, դեռեւս չեն հայրենադարձուել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական պատանդները: Այս պարագայում մենք շարունակում ենք ապաւինել մեր բարեկամ երկրների եւ, ի հարկէ, Ուրուգուայի հետ համերաշխութեանը», եզրափակեց Արմէն Գրիգորեան։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *