Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստ է աջակցելու հայկական զինեալ ուժերու արդիականացման եւ բարեփոխման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու:
«Մենք շատ կարեւոր կը նկատենք զինուորական ոլորտին մէջ մեր համագործակցութեան զարգացումը, թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով, թէ՛ ալ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, մենք պատրաստ ենք շարունակելու աջակցիլ Հայաստանի զինեալ ուժերու բարեփոխման ծրագիրի իրականացման: Ատիկա դիւրին գործ չէ, սակայն ես կը կարծեմ, որ ձեր փորձառութեամբ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ», ըսած է Շոյկու:
Ան նշած է, որ Հայաստանի տարածքին մէջ կը գտնուի Ռուսիոյ 102-րդ ռազմակայանը, որ լաւ յագեցած է եւ անվտանգութեան երաշխաւորն է:
«Հայաստանը Անդրկովկասի մէջ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Ռուսիոյ դաշնակիցն ու առանցքային գործընկերն է, եւ մենք չափազանց շահագրգռուած ենք այս շրջանին մէջ կայունութեան պահպանումով», աւելցուցած է նախարարը:
Շոյկու շնորհաւորած է Կարապետեանը պաշտպանութեան նախարար նշանակ-ման կապակցութեամբնշելով, որ ատիկա տեղի ունեցած է «դժուար ժամանակա-շրջանի մէջ, երբ երկրի պաշտպանական ոլորտը բարեփոխելու դժուար խնդիրներ կան»:
Կարապետեան, իր կարգին, երախտագիտութիւն յայտնած է Շոյկուին
Հայաս-տանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան վերականգնման, զօրքերու վերազինման եւ պատրաստման օգնելու պատրաստակամութեան համար:
«Ռուսիան միակ պետութիւնն է, որ կ՛ապահովէ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան իսկապէս շօշափելի արտադրանք եւ այսօր կը զբաղի անվտանգութեան հարցերով ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի, այլ նաեւ անմիջականօրէն Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Մենք պատրաստ ենք շատ սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան», ըսած է Կարապետեան:
