ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


2020 թուականի Դեկտեմբերին, խումբ մը Երուսաղէմցիներ, որոնց շարքին` հայեր, այլ քրիստոնեաներ եւ պաղեստինցիներ, բողոքի ցոյց կազմակերպած էին` արտայայտելով լուրջ մտահոգութիւններ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի եւ Իսրայէլի իշխանութիւններու եւ (կամ) մասնաւոր կողմերու միջեւ վարձակալութեան կասկածելի գործարքներու վերաբերեալ:


Շարք մը միջազգային լրատուական կազմակերպութիւններ հաղորդեցին, որ ցուցարարները կը բողոքէին եկեղեցիի հողերու Իսրայէլին վաճառքի դէմ` Արեւմտեան Ափի Բեթղեհեմ քաղաքի մէջ: Անյայտ գործարքը կը վերաբերի «Կովերուն Պարտէզ» կոչուող հողատարածքին, որ կը գտնուի Երուսաղէմի միջազգայնօրէն ճանչցուած պատմական հայկական թաղամասի մէջ, որ տեղաւորուած Հայոց Պատրիարքարանի տեսչցութեան ներքեւ, կը վերածուի կայանատեղիի, որ մտահոգութիւն յառաջացուցած է համայն աշխարհի հայութեան համար:


2021 թուականի Յունուարի 1-էն սկսեալ ուժի մէջ մտած պայմանագրի համաձայն, «Կովերուն Պարտէզ»ը կը դառայ կայանատեղի հիմնականին մէջ, հին քաղաքի հրեայ բնակիչներու բացառիկ օգտագործման համար:


Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնեաները հաստատեցին համաձայնութիւնը, բայց պնդեցին, որ Իսրայէլի Երուսաղէմի քաղաքապետարանի եւ Երուսաղէմի Հրէական Զարգացման Մարմնի («Հարալի»ին) հետ կնքուած պայմանագիրը չի ներառեր հող վաճառելը կամ վարձակալելը, այլ պարզապէս «ֆինանսական գործողութիւն» մըն է:


Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնեաներու կողմէ սխալ ներկայացո՞ւմ, թէ՞ բանաւոր մարմնամարզութիւն այսպէս կոչուած «ֆինանսական գործողութեան» վերաբերեալ:

Timesofisrael.com-ի 2018 թուականի յօդուածը լոյս կը սփռէ «ֆինանսական գործառնութիւն» տերմինի վրայ. Մինչ Յունաց Պատրիարքարանն առայժմ աւարտած է հողի վաճառքը, միւսները, ինչպէս օրինակ կաթողիկները եւ հայերը, կը վախնան, որ օրէնսդրությունը կրնայ արգելք ըլլալ ապագայ հաւանական գնորդներուն, եթէ անոնք նոյնպէս կը ցանկան վաճառել` լրջօրէն ազդելով անոնց ֆինանսական գործունէութեան ազատութեան վրայ:


Այժմ ընթերցողը կրնայ յստակ տեսնել, որ Հայոց Պատրիարքարանի «ֆինանսական գործողութիւն»ը կը նշանակէ իրականութեան մէջ «վաճառել» հողեր, որոնք ամբողջ հայութեան սեփականութիւնն են:


Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնեաներու հերթական սխալ ներկայացո՞ւմը, այսպէս կոչուած, 99-ամեայ վարձակալութեան վերաբերեալ:

Նորէն մտածէ’.

Timesofisrael.com- ի 2018-ի յօդուածը կը շարունակէ լոյս սփռել. «Յունաց Պատրիարքարանի կողմէ հաստատուած վարձակալութեան պայմանագրերը KKL JNF հրէական ազգային հիմնադրամին իրաւունք կուտան երկարաձգելու վարձակալութիւնները, երբ անոնք աւարտուին 2051 եւ 2052 թուականներունմէկ պայմանագրի պարագային 49 տարիով, իսկ միւս երկուքի պարագային բանակցութիւններու համար` մինչեւ 100 տարի ժամկէտով: Անոնք նաեւ կը նշեն իրաւարարութեան («արբիտրաժի») մեխանիզմը, եթէ KKL- ն ու յոյն սեփականատէրերը չհամաձայնուին գնի շուրջ»:


Բայց վարձակալներու իրաւունքներու համար պայքարող հիմնական կազմակերպութեան համահիմնադիր Նավա Բաթ-Զուրն ըսաւ. «Մենք շահագրգռուած չենք այս հարցը ձգձգելով: Մենք կը ցանկանք տիրանալ հողին, եւ զայն պէտք է գնէ կառավարութիւնը»:

Վարձակալութեան ժամկէտի երկարաձգումն այլեւս տարբերակ չէ, որը կը բաւարարէ Իսրայէլցիներուն: Անոնք ակտիւօրէն ուղիներ կը փնտրեն վարձակալուած հողերը գնելու իրենց ազգային կամ տեղական կառավարութիւններու միջոցով:


Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնեաներու հերթական սխա±լ ներկայացումը.


Հայոց Պատրիարքարանը կը պնդէ, որ «հողամասէն» ամբողջ աւելորդ իրերու հեռացումը, որ կ’արժէ մօտ 2 միլիոն տոլար` «ֆինանսական պարտաւորութիւն է, որ պատրիարքարանն ինքնին չի կրնար ստանձնել», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ, որ յղած է Հայոց Պատրիարքարանի անշարժ գոյքի բաժինը:


Arabnews.com- ի 2020 թուականի Դեկտեմբերի 19-ի յօդուածին մէջ կը նշուէր, որ «պաղեստինեան/հայկական աղբիւրը հերքեց այն պնդումները, որ իբրեւ թէ Պատրիարքարանը այլընտրանք չունի, քան երթալ Իսրայէլցիներու մօտ, այն բանէ յետոյ, երբ իբրեւ թէ մերժուած են Պաղեստինի կառավարութեան եւ ֆինանսական աջակցութեան կրկնակի խնդրանքները մերժուած են այլոց կողմէ. Ճիշտ չէ. Եւրոպական Միութիւնը շահագրգռուած էր ինքնաշարժի կայանատեղիի նորոգմամբ, որ թոյլ կուտար իր կայանատեղիի եկամուտներով աջակցիլ եկեղեցիին, մինչ հին քաղաքի բոլոր բնակիչներուն թոյլ տալով օգտագործել զայն: Սակայն եկեղեցին մերժեց առաջարկը».


Հայոց Պատրիարքարանի անշարժ գոյքի բաժնի տարածած 10 կէտերէ բաղկացած պաշտօնական յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կայանատեղին մնալու է մասնաւոր, եւ որ կայանատեղիի տնօրինութիւնը, սեփականութիւնը մնալու է պատրիարքարանի ձեռքին մէջ:


Յայտարարութիւնը նաեւ կը շեշտէ, որ «յառաջիկայ 10 տարիներու ընթացքին, երբ Պատրիարքարանը վերջնականացնէ եւ ստանայ շինարարութեան բոլոր թոյլտւութիւնները, քաղաքապետարանի համաձայնութեամբ, պատրիարքարանը կը սկսի նոր շինարարութիւն, որ օգուտ կը բերէ հայ համայնքին»: Պատրիարքարանը յոյս ունի հիւրանոց կառուցելու թոյլտւութիւն ստանալ:



Keghart.org-ը գրեց անցեալ շաբաթ. «Պատրիարք Մանուկեան, կարծես, թիւրիմացութեան մէջ է, որ Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասը իրեն կը պատկանի, եւ որ ան կրնայ ամեն ինչ ընել հայկական սփիւռքի ամենահին եւ սրբազան հողի կարգավիճակի հետ կապուած հարցերու մէջ: Իր բարօրութեան համար ան պետք է հեռու մնայ այդ կեղծ հասկացութենէ: Ան այդ Սուրբ Հողի հայկական անշարժ գոյքի 97-րդ տնտեսն է, ժամանակաւոր մանդատ ունեցողը, որ անոր վստահած են Հայ Առաքելական եկեղեցին եւ Երուսաղէմ քաղաքի համայնքը: Փաստօրէն, հայկական թաղամասը եւ «պատրիարքարանին պատկանող» այլ անշարժ գոյքը նոյնիսկ չեն պատկանիր հայկական եկեղեցիին կամ Սուրբ Հակոբոս Եղբայրութեան Միաբանութեան: Անոնք հայ ազգի սեփականութիւնն են: Սուրբ Հողի ամեն մէկ վերջին թիզ հայկական ունեցուածք է եւ գնուած է հազարամեակի ընթացքին` հայ ուխտաւորներու, ազնուականութեան, թագաւորներու եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու նուիրատւութիւններու միջոցով: Երեք անգամ վերջին դարերու ընթացքին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը սնանկ էր եւ մօտ էր իր ամբողջ անշարժ գոյքը կորսնցնելուն: Զայն փրկած են հայ վաճառականներն ու շարքային հայ հայրենասէրները»:


Keghart.org շարունակեց. «Սուրբ Հողի իւրաքանչիւր թիզ կ’յինայ տեղական եւ միջազգային խիստ օրէնքներու ներքոյ, ուստի ոչ ոք իրաւունք չունի այդ մէկ կալուածը մասնատելու տարբեր առեւտրային մասերու: Անօրինական պատրիարքը պէտք է հրաւիրէ Սուրբ Յակոբոս Եղբայրութեան Սինոդ, որ, հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, մերժելու է պատրիարքի ստորագրած ապօրինի վարձակալութիւնը` իր աջ բազուկ տէր Պարետ վարդապետ Երէցեանի եւ ճնշման տակ գտնուող արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի կողմէ»:


Իրատեսօրէն ըսած, ասիկա գուցէ Երուսաղէմի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայկական ազգային գանձերու ժխտականօրէն ազդող վերջին նման սկանդալը չէ:


Այնքան ատեն որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը, Մխիթարեան Հայրերու Միաբանութիւնը, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Էջմիածնի Սուրբ Աթոռը, Զմառու Միաբանութիւնը կը դառնան անգործունակ` թափանցիկութեան, հաշուետւողականութեան եւ ժողովրդավարական վերահսկողութեան բացակայութեան պատճառով, Հայ ազգը ենթակայ է շատ աւելի մեծ կորուստներու: Անոնք բոլորը պէտք է վերահսկուին եւ պաշտպանուին հայ ազգին կողմէ:


Համայն հայութեան այլընտրանք չի մնար, քան հաստատակամօրէն գործ ունենալ «կոռումպացուած» եւ եսակեդրոն ղեկավար անհատներու հետ, որոնք իբրեւ թէ կը պահպանեն հայկական տարբեր հաստատութիւններ, եւ որոնց շարքին Հայ Եկեղեցին, որպէսզի անոնք հասկնան, որ իրենք չեն կրնար ոչնչացնել հայ ժողովրդի ազգային գանձերը իրենց անձնական քմահաճոյքի պատճառով: Եւ, որ անոնք պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուին ապօրինի իւրացումներու կամ վատ կառավարման համար:


By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *